Չորեքշաբթի մէկ յունիս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն
շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Ս. Պետրոսի
հրապարակը։ Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը աղօթքի նշանակութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը
այսօր բացայայտեց աղօթքին ոյժը որու շնորհիւ ուխտ մը՝ սերտ կապ մը կը ստեղծուի Աստուծոյ
ու մարդու միջեւ։ Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Մովսէս, Հին Կտակարանի կեդրոնական
դէմք մը եղած է։ Մինչ Աստուած Սիան լերան վրայ անոր կու տայ օրէնքը` տասնաբանեան, ժողովուրդը
յոգնած անտեսանելի Աստուծոյ մը հետ քալելէն, կ'ընդվիզի եւ Ահարոնէն կը խնդրէ աստուած
մը որ իրենց հակամէտ ըլլայ։ Ոսկիէ հորթը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մշտատեւ փորձութիւն
մըն է հաւատքի մեր ճանապարհին վրայ , մարդ արարածը հետամուտ եղած է ինքնիրեն կերտել հասկցող
Աստուած մը, համամիտ իր ծրագիրներուն։ Աստուած, սակայն, յայտնելով իր բարկութիւնը
Մովսէսին, կը միջամտէ մեղաւոր ժողովուրդին ի նպաստ։ Բարեխօսութեան իր աղօթքը կեդրոնացած
էր հաւատարմութեան ու Տիրոջ շնորհքին վրայ։ Մոսվէս մտահոգուած էր իր ժողովուրդին ճակատագրով
ու Տիրոջ մեծվայելչութեամբ ու անուան ճշմարտութեան համար։ Եղբայրներու սէրը ու Աստուծոյ
սէրը անբաժան են աղօթքին մէջ։ փնտռելով՝ Աստուծոյ փափաքը, բարեխօսողը առիթը կ'ունենայ
միշտ աւելի լաւ ճանչնալու Տէրը ու անոր ողորմութիւնը եւ այսպէսով կարող կը դառնայ ինքզինքը
տալու ուրիշներուն։ Մովսէս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով,
մեզի ցոյց տուաւ աղօթքի ճամբան, որուն կատարեալ իրականացումը կը գտնենք մեր Տիրոջ Յիսուսի՝
մէջ, մարդկութեան գերագոյն բարեխօսը։ Քրիստոսով մեր մեղքը ներուեցաւ ու մեզի կեանքը
տրուեցաւ լիարատ ու ցմիշտ։ Իրմով Աստուծոյ ողորմութիւնը աշխարհ յայտնուեցաւ ու դարձանք
Բարձրեալին որդիները։ Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով
ողջունեց ներկաները, քաջալերելով զանոնք որ աղօթեն, եւ ընտանիօք ու բարեկամներու հետ
աղօթել, եւ այսպէսով, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ձեր սրտի լռութեամբ կը սորվիք ճանչնալ
Աստուծոյ ձայնը յայտնուած Յիսուս Քրիստոս` Միածին Որդիէն։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց
նաեւ Խրուաթ ուխտաւորները ու ըսաւ անոնց. սիրեցեալ բարեկամներ յառաջիկայ շաբաթ եւ կիրակի
օրերը Զակապրիա կը մեկնիմ ձեզի հետ միասին տօնախմբելու՝ Խրուաթիոյ կաթողիկէ ընտանիքի
օրը, ուրախութեամբ կը սպասեմ այդ հանդիպումին, մինչ ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք որպէսզի
իմ ճամբորդութիւնս ձեր սիրեցեալ հայրենիքին բերէ բազմաթիւ հոգեւոր պտուղներ եւ քրիստոնեայ
ընտանիքները դառնան երկրին աղը ու աշխարհի լոյսը։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական
խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներու ու նորապսակեալներուն յիշեցնելով անոնց
որ յունիս ամիսը նուիրուած է Յիսուսի Ս. սրտին։ Պահ մը կանգ առնենք ու խորհրդածենք աստուածային
սիրոյ խորհուրդին վրայ. եզրափակեց Պենետիկտոս ԺԶ իր խորհրդածութիւնը տալով նաեւ իր առաքելական
օրհնութիւնը։