2011-06-01 12:47:41

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Յունիս ամսուայ ընթացքին կատարելիք արարողութիւնները


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յունիս ամսուայ ընթացքին պիտի կատարէ երկու առաքելական այցելութիւններ. առաջինը խրուաթիայ 4 եւ 5 յունիսին իսկ երկրորդը Սան Մարինօ` Սուրբ Երրորդութեան տօնին օրը, 19 յունիսին։
12 յունիսին Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ պիտի նախագահէ Պենտէկոսդէի Սուրբ Պատարգին` հոգեգալստեան տօնին օրը։ 23 յունիսին` Յիսուսի սուրբ արեան եւ մարմնոյն տօնին առթիւ Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ պիտի մատուցէ սուրբ պատարագ որմէ ետք նախատեսուած է թափօր մը մինչեւ Սանթա Մարիայ Մաճճորէ` սուրբ Կոյս Մարեամի նուիրուած մայր Տաճար։ Իսկ 29 յունիսին Սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի տօնին օրը Սրբազան Քահանայապետը պատարագ պիտի մատուցէ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Պալիումի յանձնում նորնտիր Մետրոպոլիտներուն։ Նշենք թէ Պալիումը եկեղեցական հաղորդութիւնը եւ միութիւնը կը խորհրդանշէ։
Պալիումը կամ եմիփերոնը, երկու մեթր երկայնք ու 25 սմ. լայնք ունեցող ուրար մըն է զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը խաչի հինգ զարդարանք ունի, որ կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքը։
Անոր գործածութիւնը սկսած է 5-րդ դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։ Պալիումը կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղներով որ կը յիշեցնեն Բարի Հովիւն խաչին վրայ պատճառած վէրքերը։ Հինգ խաչերը կը ներկայացնեն քրիստոնեաները։ Պալիում Հիւսուած է լոկ բուրդէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.