2011-06-01 12:45:16

Մարեմեան Աղօթքի Հսկում Վատիկանի Պարտէզներու Մէջ, Մայիս Ամսուայ Աւարտին։


Երեքշաբթի 31 մայիսին` վերջին օրը մարեմեան ամսոյն, բազմաթիւ հաւատացեալներ ժամադրուած էին Վատիկանի այգիներու մէջ, միասնաբար աղօթելու՝ Ս. վարդարանը։ Աղօթքի հսկումի թափօրը սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամը 8-ին, առաջնորդութեամբ՝ կարտինալ Գոմասդրիի` աւագերէցը Ս. Պետրոս տաճարին։ Հաւատացեալները մէկ ձեռքը վարդարանը ունէին իսկ միւս ձեռքը վառուած ջահը, Ողջոյն քեզ մարիամ աղօթելով, ու մարեմեան մեղեդիներ երգելով Վատիկանի այգիներու մէջ քալեցին մինչեւ Լուրտի Տիարամօր քարայրը, ուր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հսկումի աղօթքի աւարտին, իր հայրական խօսքը ուղղեց եւ ապա իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.