Գաղթականներու եւ Փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Անթոնիօ
Մարիա Վելիոն Կ՛այցելէ Հունգարիան։
Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիոն՝ նախագահը Գաղթականներու եւ Փախստականներու Քահանայապետական
Խորհուրդին, ընդառաջելով Գերապայծառ Եամոս Ճէգէլիի հրաւէրին, Յունիս 1 էն 6 (2011)
հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հունգարիա, ուր հինգշաբթի 2 յունիսին կը մասնակացի
Քրիստոնեայ / Հրեայ/ Իսլամ միջկրօնական երկխօսութեան հանդիպումի մը, կազմակերպուած Պուտաբէշտի
մէջ Հունգարիոյ Եւրոմիութեան վեցամեայ Նախագահութեան առթիւ։ 3 յունիսին Կարտինալը կը
մասնակցի Սրբավայրերու մասին հանդիպումի մը, ուր ելոյթ կ՛ունենայ ՜՜Սրբավայրերու դերը
Եւրոպայի Նոր աւետարանութեան առաքելութեան համար՝՝ նիւթին մասին։ Շաբաթ 4 յունիսին Կարտինալ
Վէլիոն պիտի այցելէ Մարիաբոքս ազգային սրբավայրը, ուր հանդիպում պիտի ունենայ գնչու ընտանիքներու
հետ։ Իսկ Կիրակի 5 յունիսին Գնչուներու տարեկան ուխտագնացութեան առթիւ, Գաղթականներու
եւ Փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը` Մաթրավերեպելի - Շէնթգութ Սրբավայրին
մէջ պիտի նախագահէ Սուրբ պատարագին որուն ընթացքին 33 փոքրիկ Գնչուներ պիտի ստանան առաջին
Ս. Հաղորդութիւնը։