2011-05-31 12:32:10

Վատիկանի Ձայնասփիւռի Տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
՜՜Վերադարձ Խրուաթիա՝՝


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Յունիս 4 էն 5 (2011) Խրուաթիան պիտի այցելէ։
Վերադարձ մըն է - կը գրէ հայր Լոմպարտին իր շաբաթական խմբագրականին մէջ - Վերադարձ՝ որովհետեւ Պենետիկտոս ԺԶ արդէն մի քանի անգամ այցելած էր Խրուաթիան երբ տակաւին Կարտինալ էր։
Վերադարձ՝ որովհետեւ վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին, Քահանայապետը երեք անգամ այցելած է այն երկիրը։ Կրնանք ըսել որ տնեցիի հանգամանք ունի։ Խրուաթիան քրիստոնէական եւ կաթողիկէ խոր արմատներ ունեցող երկիր մըն է, ու այս արմատները պահպանուած են հաւատարմութեամբ նոյնիսկ դժուար ժամանակաշրջաններուն։Հաւատարմութիւն մը որ կը գնահատուի Սուրբ Աթոռի ցոյց տուած մօտիկութեամբ եւ զօրակցութեամբ։
Խրուաթեան այժմ կ՛ապրի աշխարհականացումի տագնապը։ Ընտանիքը եւ երիտասարդութիւնը ենթարկուած են այս տագնապին. ուստի՝ հովուական այցելութեան կարեւորագոյն պահերէն կը հանդիսանայ Նորին Սրբութեան ՜՜մասնակցութիւնը՝ Խրուաթ Կաթողիկէ Ընտանիքներու առաջին հանդիպումը, ինչպէս նաեւ՝ ՜՜ երիտասարդներու հետ հանդիպումը՝՝։
<<Միասին ի Քրիստոս>> այս է Սրբազան Հօր այցելութեան նշանաբանը։
Աշխարհի մը մէջ, ու հաղորդութեան միջոցները կը բազմանան եւ մեր առօրեան կը սահմանափակեն, մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւնը աւելի դժուար կը դառնայ։ Եկեղեցին կը հիմնուի Քրիստոսի վրայ, նեցուկ կանգնելու՝ ընտանիքի միութեան ու անոր առաքելութեան, եւ երիտասարդներու մէջ ներշնչելու՝ աւելի բարելաւ ապագայի յոյսը։ Այսպէս է որ եկեղեցին կը ծառայէ մարդկային ընկերութեան ու նաեւ Խրուաթիոյ ազգային ընկերութեան, որ այժմ կը պատրաստուի մաս կազմելու Եւրոպական ընտանիքի ժողովուրդներուն, երբեմնի Եուկոսլավիոյ հանրապետութեան փլուզումի հետեւանքով առաջին շրջանի դժուարութիւններուն գերազանցումէն ետք։
Նորին Սրբութեան փափաքն ու քաջալերանքն է, որ այս քայլը իր հետ բերէ խրուաթիոյ ժողովուրդի մշակութային հարստութիւնը ու աւանդութեան արժէքները։
<<Միասին ի Քրիստոս>> ու քահանայապետի հետ յոյսով ու քաջութեամբ նայելու ենք ապագային։








All the contents on this site are copyrighted ©.