2011-05-31 12:33:22

Ս. Էջմիածնի Մէջ Գարեգին Բ Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հետ


Երկուշաբթի 30 մայիսին Ս. Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով ժամանած էր Հայաստան` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի անդրանիկ նիստին:
Ս. Էջմիածինի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը դիմաւորելէ ետք, միաբաններու թափօրը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին առաջնորդեց Մայր տաճար, ուր կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք: Ապա Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ողջոյնի խօսք ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` ըսելով. «Փառք կու տանք մեր երկնաւոր Տիրոջ, որ պարբերաբար առիթներ կ՛ընծայէ մեզի հանդիպելու, միասին քննարկելու մեր ազգը, մեր եկեղեցին յուզող հարցերը եւ նաեւ միասնաբար աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած մեր ժողովուրդի, մեր հայրենիքի բարօրութեան համար»:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս վստահութիւն յայտնեց, որ միացեալ հանդիպումներն ու աղօթքները, միասնական յորդորն ու պատգամը խրախոյս եւ քաջալերանք են հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար` աւելի նախանձախնդրօրէն փարելու մեր հայրերու հաւատքին եւ շէնցնելու Առաքելական Ս. եկեղեցին:
Արամ Ա. կաթողիկոսը, ուրախութիւն յայտնելով Ս. Էջմիածինի մէջ գտնուելուն համար, մասնաւորաբար նշեց. « Ամէն անգամ, երբ կը գտնուիմ Հայաստանի հողին վրայ, Ս. Էջմիածինի խորհուրդին մէջ, քիչ մը աւելի կը զօրանամ իմ հոգեւոր առաքելութեանս մէջ, որովհետեւ Ս. Էջմիածինը կը պատկանի ամբողջ հայութեան, Հայաստանը կը պատկանի ամբողջ հայութեան: Մեր հայրենիքը մէկ է, մեր եկեղեցին մէկ է, մեր մշակոյթը մէկ է, որովհետեւ մեր ժողովուրդը մէկ է: Այս միասնական ոգին մենք պէտք է աւելի ամրապնդենք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.