2011-05-31 12:31:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Յունիս Ամսուայ Ընթացքին Կ՛այցելէ Խրուաթեան ու Սան Մարինոն


Յառաջիկայ 4 եւ 5 յունիսին՝ Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Խրուաթիան։ Միջազգային այս առաջին ճամբորդութիւնը տեղի պիտի ունենայ Խրուաթիոյ մայրաքաղաքը` Զակրեպ։ Առաջին օրը նախատեսուած է հանդիպումներ կառավարական եւ կրօնական համայնքներու անդամներու հետ, ինչպէս նաեւ աղօթքի հսկում մը երիտասարդներու հետ։
Յաջորդ օրը Սրբազան Քահանայապետը պատարագ պիտի մատուցանէ ՝՝Ընտանիքներու Ազգային՝՝ հաւաքին առթիւ։ Իր այս առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը աղօթքի պահ մը պիտի ապրի Զակրեպի Աթոռանիստ Եկեղեցիին մէջ, Երանելի Կարտինալ Ստեփինաչի դամբարանին առջեւ։ Նշենք թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետը 1998ին երանելի հռչակած է այս մեծ եկեղեցականը որ արիաբար ընդդիմացած է ֆաշիզմի եւ ապա համայնավար վարչակարգին։

Յուլիս 19-ին՝ Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ Սան Մարինօ ։ Այս այցելութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պատարագ պիտի մատուցանէ ''Սեռավալլէ'' կոչուած մարզադաշտին մէջ։ Իր այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը տեսակցութիւն պիտի ունենայ պետական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.