2011-05-31 12:33:15

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ձեռամբ Օծուեցաւ Թոնի Ռոստով Քաղաքի Ս. Յարութիւն Անուան Եկեղեցին։


Մայիսի 29-ին Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Դոնի Ռոստով քաղաք այցելեց, ուր հանդիսապետեց Սբ Յարութիւն նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը։
Ս Յարութիւն եկեղեցին կառուցուած է պատմական Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տեղը (1783-ին կառուցուած՝ եւ որը համայնավարներու կողմէ քանդուած էր 1965-ին։ Նոր եկեղեցին կառուցուած է Կարապետեան եւ Ղազարեան ընտանիքներու բարերարութեամբ՝` ի յիշատակ Սահակ Կարապետեանի վաղամեռիկ որդւոյն՝ Արթուր Կարապետեանին։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Միխայիլ Սարգսեանը։
Ս Պատարագի ընթացքին Վեհափառը ռուսաստանաբնակ հայորդիներուն ուղղեց հայրապետական իր պատգամը, նախ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, այս կարեւոր քայլին համար, որպէսզի Ռուսիոյ այս քաղաքի հայերը անմասն չմնան հայ եկեղեցիներէն բաշխուող աստուածային օրհնութենէն, առաւել զօրացնեն հոգեւոր-եկեղեցական կեանքը համայնքին, եւ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբումով՝ ամուր պահեն աստուածասիրութիւնը, ազգային գիտակցութիւնն ու հայրենանուիրումը՝՝։ Գարեգին Բ. ապա յորդորեց ներկայ հայորդիները որ աներեր պահեն հաւատքը, մնան աստուածասէր ու եկեղեցանուէր ոգիով ու պահպանեն նախանձախնդրութիւնն ու հաւատարմութիւնը հայրերու սրբազան արժէքներու հանդէպ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մասնաւոր գնահատանք յայտնեց եկեղեցւոյ բարերարներ՝ Սահակ Կարապետեանին եւ Վլադիմիր Ղազարեանին։
Այս առթիւ՝ վեհափառը նորակառոյց եկեղեցւոյ ընծայեց Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնէն բերուած նկար մը ՜՜Աստուածամայրը մանկան հետ՝՝ ։
Ս Պատարագէն յետոյ Ռոստովի հայ համայնքի կողմէ կազմակերպուած էր ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որմէ ետք երեկոյեան Վեհափառը իր ուղեկից շքախումբին հետ վերադարձաւ Մայր Աթոռ Ս Էջմիածին։








All the contents on this site are copyrighted ©.