2011-05-30 13:07:09

Սրբազան Քահանայապետի Խօսքը Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Համաժողովի Մասնակցողներուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպելով Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Համաժողովի մասնակցողներուն խօսք մը ուղղեց որուն մէջ անդրադարձաւ Նոր Աւետարանութեան խորհուրդի ստեղծման մասին եւ քաջալերեց ժողովականները այս գծով իրենց օժանդակութիւնը տալու` նա մանաւանդ յառաջիկայ 2012-ի հոկտեմբեր ամսոյն մէջ կայանալիք եպիսկոպոսներու ԺԳ Ընդհանուր Սիւնոտոսին որուն բնագիրն է <<Նոր աւետարանութիւն եւ քրիտոնեական հաւատքի փոխանցում>>։ Նոր աւետարանութիւն բարը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - կը պահանջէ աւետումի նոր ձեւեր, նա մանաւանդ այն քրիտոնեական աւանդութեամբ շրջանակներու մէջ, ուր աշխարհականացումը ծանր հետքեր թողած է։
Անցած տասնամեակներու ընթացքին կարելի էր տակաւին գտնել քրիստոնեայ հոգի մը որ կը միացներ շատ մը սերունդներ որոնք աճած էին հաւատքի շուքին տակ ու անոր մշակոյթի վրայ ունեցած ազդեցութեամբ։ Այսօր դժբախտաբար չ՛իկայ միացնող հայեցակէտ մը եւ հաճախ մարդիկ որ կ՛ուզեն եկեղեցւոյ պատկանիլ, եկեղեցւոյ վարդապետութեան հակարակ տեսութիւններու կը հետեւին։ Եկեղեցին Դարերու ընթաքցին չէ դադրած աւետարանելէ Յիսուս Քրիստոսի փրկարար մահն ու յարութիւնը եւ այս աւետարանութիւնը այսօր պէտք ունի նորոգուած կորովի մը որ համոզէ հաճախ ցրուած եւ անզգայուն ժամանակակից մարդը։ Ար այդ նոր աւետարանացումը պէտք է գտնէ ուղղին աւելի ազդու դարցնելու փրկչագործութեան աւետիսը։
Եզրափակելով իր խօսքը նորին սրբութիւնը յոյս յայտնեց որ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Համաժողովի մասնակիցները այս օրերու հանդիպումներու ընթացքին շարադրեն ուղեգիծ մը եկեղեցւոյ նեցուկ հանդիսանայ այս նոր աւետարանութեան առաքելութեան մէջ` նա մանաւանդ նոր սերունդի կազմաւորման ուղիով։ Յուսկ Սրբազան Քահանայպետը յայցեց Մարիամու` Աւետարանութեան Աստղի բարեխօսութիւնը որպեսզի առաջնորդէ աւետարանը քարոզիչներու քայլերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.