2011-05-30 16:30:51

Կոչ՝ Վերջ Դնելու Ծովահէններու Ոճրագործութիւններուն


Գաղթականներու եւ Փախստականներու հովուութեան քահանայապետական խորհուրդը կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան, վերջ տալու ծովահէներու ոճրագործութիւններուն եւ միաժամանակ ազատագրելու առեւանգուած նաւաստիները, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ լուծում գտնելու այդ ապօրինի երեւոյթին։
Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի միջոցաւ տուած հաղորդագիրին մէջ Գաղթականներու եւ Փախստականներու հովութեան քահանայապետական խորհուրդը կը խնդրէ որ կանխատես կարգադրութիւններ որդեգրուին երաշխաւորելու համար նաւերու եւ նաւաստիներուն անվտանգութիւնը ։ Վերոյիշեալ խորհուրդը նոյնպէս կոչ կ'ընէ ծովահէններուն որ վերջ տան ոճրային ներգործութիւններուն եւ գիտակցին իրենց պատճառած ողբերգութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.