2011-05-30 16:41:46

Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի իսլամական հարցերու Յանձնախումբի ժողովը Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ


Եւրոպայի իսլամական հարցերու պատասխանատու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ներկայացուցիչները 31 մայիսէն 2 յունիս Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ իրենց երկրորդ ժողովը կը գումարեն։ Գերապայծառ Տուարդէ Տա Գունհա` քարտուղարը Եւրոպայի եպիսկոպոսաց խորհուրդին յայտարարած է որ ''Եւրոպա գտնուղ բոլոր կրօները պատասխանատուութիւնն ունին խաղաղ մթնոլորտ մը ստեղծելու, նպաստելու յարգալիր համակեցութեան մը եւ տալու հաւատքի վկայութիւն՝ աշխարհականացած բազմամշակութային ու բազմակրօն ընկերութեան մը մէջ''։
Եւրոպայի իսլամական հարցերու պատասխանատու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ներկայացուցիչները կանչուած են պատասխան մը տալու հետեւեալ հարցումներուն. ՝՝Ի՞նչ մակարդակի վրայ է երկխօսութիւնը կաթողիկէներու ու մահմետականներու միջեւ։ Իսլամութիւնը ի՞նչպէս ըմբռնուած է Եւրոպայի տարբեր երկիրներուն մէջ, ի՞նչպէս կարելի է զարգացնել առողջ եւ ուղիղ երկխօսութիւնը իսլամ զանազան հասարակութիւններու հետ՝՝ ։
Այս հանդիպումը աւելի հովուական բնոյթ պիտի ունենայ քան թէ աստուածաբանական։ Ժողովին կը մասնակցին կարտինալ Ժան Լու Թոռանը` նախագահը միջ-կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին եւ Թիւնիզի Արքեպիսկոպոսը ը Գերապայծառ Մարուն Լահհամ։








All the contents on this site are copyrighted ©.