2011-05-30 13:09:38

՜՜Լեռնային Ղարաբաղի՝՝ Նուիրուած Գիտաժողովը՝ Հռոմի Մէջ։


Հռոմի Սան Մարգօ հրապարակը գտնուող Միջազգային Կազմակերպութեան ի նպաստ Իտալական Ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ ՜՜Լեռնային Ղարաբաղի՝՝ նուիրուած գիտաժողով մը, կազմակերպուած սոյն ընկերակցութեան եւ Իտալիոյ կառավարութեան մօտ Հ Հ դեսպանութեան կողմէ, որուն մասնակցեցան ոչ միայն հայեր, այլ նաեւ՝ մեծ թիւով իտալացի գիտաշխատողներ, դպրոցականներ , զանազան կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մամուլը՝ ընդ որս Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական բաժինը, ու ՜՜Խաղաղութեան Ձայն՝՝ հեռուստակայանը։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խորացնելու՝ պատմական եւ քաղաքական զանազան նիւթեր, Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Այս առթիւ ներկայացուեցան երկու հատորներ Լեռնային Ղարաբաղի մասին. մին՝ հայրենի Փրօֆ. Նիքոլայ Յովհաննէսհեանի՝ ՜՜Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը ՝՝ գիրքի իտալերէն թարգմանութիւնը, որ կը նկարագրէ Ղարաբաղի բնակչութեան կտրած դժուարին ճանապարհը դէպի ազատութիւն եւ անկախութիւն։ Իսկ միւսը՝ Իտալահայ մտաւորական եւ գրող Էմանուէլէ Ալիբրանտիի ՜՜Ղարաբաղի Իրաւունքները՝՝ իտալերէն հատորը, որ կը խօսի ՜՜ փոքր հողաշերտի մը՝ մեծ ժողովուրդի պատմութիւնը՝՝ նիւթին մասին։
Գիտաժողովը վարեց քաղաքական ու ռազմագիտութեան բնագաւառի վերլուծող, Ալեսսանտրօ Բոլիթին որ յատկապէս ընդգծեց թէ ինչպէս ՜՜ Ղարաբաղի հարցը իր մէջ կը պարունակէ ազդու կերպով միջազգային քաղաքականութեան բոլոր հակասութիւնները՝՝ յիշեցնելով որ Եւրոպայի քաղաքականութիւնը պէտք չէ անտեսէ մարդկային հիմնական իրաւունքները, յոյս յայտնելով որ իրականացուելիք լուծումներ գտնուին խաղաղութեան ի խնդիր։
Խօսք առաւ նաեւ Տիար Ռուբէն Կարապետեան Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Իտալիոյ կառավարութեան մօտ, անդրադառնալէ ետք Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան, ու անոր բնակչութեան հայկական ինքնութեան, խօսեցաւ անկախութեան անհրաժեշտութեան մասին. մատնանշելով որ հարցը Հայաստանի եւ Ադըրբէջանի միջեւ չէ, այլ՝ Ղարաբաղի բնակչութեան եւ Ադըրբէջանի միջեւ է։ Հայաստանի Դեսպանը նաեւ ընդգծեց Պագուի կողմէ զինամթերքի սահմանուած մեծ գումարները, եւ յայտնեց իր մտավախութիւնները այս ուղղութեամբ։
Խօսք առաւ ապա՝ Փրօֆ. Նիքոլայ Յովհաննէսեան, հայազգի պատմագէտը, եւ անդամ՝ Հ Հ Գիտութեան Ակադեմիային, որ հեղինակն է ՜՜Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը ՝՝ գիրքին, նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ իր հատորը իտալերէնի թարգմանուած է, ու այս առիթով Հռոմ կը գտնուի, եկած խօսելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին մասին, ըլլա'յ պատմական եւ ըլլա'յ քաղաքական։
Իսկ Փրօֆ Մարքօ Պայիս՝ հայագիտութեան դասախօս՝ Հռոմի ՜՜Լա Սաբիէնցա՝՝ հեղինակաւոր համալսարանի մէջ, իր խօսքին մէջ յիշեց Արցախին պատմութեան հիմնական հանգրուանները՝ իննիսունական թուականներէն սկսեալ...
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Տիար Էմմանուէլէ Ալիբրանտին՝ ՜՜Լեռնային Ղարաբաղի հարցը՝՝ հատորին հեղինակը, որ հակիրճ կերպով խօսեցաւ ՜՜Ղարաբաղի ի նպաստ իտալական նախաձեռնութեանց ու անոնց նպատակին մասին, շեշտը դնելով անոր դատական ու քաղաքական երեւոյթներուն առընչուած մարդկային ինքիշխանութեան իրաւունքին վրայ , ակնարկելով նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ընդհարումներու ծագումին ու յեղաշրջումին, ու խաղաղութեան ի նպաստ քայլերուն :








All the contents on this site are copyrighted ©.