Փարիզի մէջ կայացաւ ՝՝Մելինա Մերքուրի՝՝ ի Անուան Մրցանակաբաշխութիւնը. Մրցանակը
Յանձնուեցաւ Հայաստանի Գառնի Տաճարին ։
Փարիզի մէջ, UNESCOի Գրասենեակներէն ներս, վերջերս , կայացաւ Յունաստանի երբեմնի շարժապատկերի
հանրածանօթ դերասանուհի եւ շրջան մը Յունաստանի Մշակոյթի Նախարար ՝՝Մելինա Մերքուրի՝՝ի
անուան մրցանակի յանձնման արարողութիւնը, Հայաստանի Գառնիի հնագիտական տաճարին։
Ինչպէս
անցեալին հաղորդած էինք, ՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէնի որոշմամբ եւ միջազգային մրցանակաբաշխութեան
հիման վրայ՝՝2011ի Մելինա Մերքուրի՝՝ հեղինակաւոր մրցանակը բաժնեկցելով ստացան Հայաստանի
Գառնիի Պատմամշակութային Թանգարանը եւ Պաղեստինի տարածքէն ներս գտնուող Պաթիր վայրը ։
Այս տարի կայացած մրցանակաբաշխութիւնը իր կարգի 6րդն էր։ ՈՒՆԵՍՔՕի տնօրէնուհի
Իրինա Պոքովա, դատական յանձնախումբի որոշման ընթերցումէն ետք, յայտնեց թէ ՈՒՆԵՍՔՕ այս
մրցանակներու յանձնումով կը նպատակադրէ ի յայտ բերել հնագիտական վայրերու կարեւորութիւնը
եւ երաշխաւորել անոնց պահպանումը։