2011-05-28 12:21:51

Իտալացի Նոր Երանուհի մը. Քոյր Մարիա Սէրաֆինա.


Այսօր շաբաթ 28 մայիս Երանուհի հռչակուեցաւ Իտալացի Մարիա Սէրաֆինա Մայրապետը ֆաիքքիոյի մէջ (Իտալիոյ Պնէնվէնթօ քաղաքի մօտերը) ի ներկայութեան Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյի Վարիչը Սուրբերու Դատի Ժողովին, եւ Պենետիկտոս ԶԺ Սրբազան Քահանայապետի պատուիրակը՝ Երանացման այս արարողութեան։ Երանացման Սուրբ Պատարագը մատուցին՝ թեմական Եպիսկոպոսը,ապա Թրէնթօ քաղաքի Արքեպիսկոպոսը եւ Իտալիոյ Գամբանիա Մարզի Եպիսկոպոսները միասին։
Նոր Երանուհին աւազանի անունով Գլոթիլտ Միքէլի կը ծնի Իմէր(հիւսիային իտալիա) 1849ին խորապէս քրիստոնեայ ծնողքէ մը , ստանալով անոնցմէ դաստիարակութիւն՝կրօնուսուցումի ու եղբայրօգնութեան եւ սէր յատկապէս յետին կարիքաւորներու նկատմամբ։ 18 տարեկանին մինչ կ՝աղօթէր Սուրբ Կոյսէն կ՝ընդունի Աստուծոյ կամքի պատգամը իրեն վերապահուած....այն է ՝՝հիմնել հաստատութիւն մը նուիրուած՝Ամենասուրբ Երրորդութեան Պաշտամունքին, Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ, ինչպէս Հրեշտակները ի սպաս մերձաւորին։ Բազմաթիւ դժուարութիւններէ ու անհասկացողութիւններէ ետք վերջապէս 28 Յունիս 1891-ին ծնունդ կ՝առնէ Հրեշտակաց Մայրապետներու Միաբանութիւնը,եւ Գլոթիլտ Միքէլի կրօնաւորական ուխտերը կատարելով կ՝առնէ Սուրբ Սրտի Մարիա Սէրաֆինա անունը,որ նոյնինքն Տիրամայրը իրեն թելադրած էր 1867-ին։
Իր կեանքի ընթացքին Մայր Սէրաֆինա հիմնեց 15 տուներ ՝՝առաքելութեան տուներ՝՝ ցոյց տալու համար իր Հաստատութեան ամբողջական նուիրումը Եկեղեցւոյ եւ եղբայրներուն։
Վախճանեցաւ Սրբութեան համբաւով 24 մարտ 1911-ին,նուիրագործելէ յետոյ իր ամբողջ կեանքը ՝ յետին աղքատներուն եւ խոնարհներուն։ Ներկայիս Մայր Սէրաֆինայի հիմնած Միաբանութեան 350 մայրապեները ներկայ են Իտալիոյ,Պրազիլի,Փիլիպեան Կղզեախումբի,Էնտոնէզիայի եւ Պէնինի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.