2011-05-27 12:34:06

Սպանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Կազմակերպեց Ցեղասպանութեան Շուրջ իր Առաջին Դասախօսութիւնը ։


Մատրիտի Սան Փապլօ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած դասախօսութիւն մը, առաջինը Սպանիայի նորակազմ Հայ Դատի Յանձնախումբին, զոր ներկայացուց յանձնախումբի փոխ նախագահուհի Կլենտա Աճեմեանցը։ Հիւրերու շարքին էին Սպանիայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Խորէն Տէրտէրեանը եւ Մատրիտի Հայ Համայնքի ներկայացուցիչներ ու համալսարանի ուսանողներ։
Դասախօսներն էին՝ Անթոնիօ Էլորզա, Մատրիտի Քոմփլութենսէ համալսարանի քաղաքագիտութեան դասախօս, Խոսէ Լուիս Օրելլա՝ Մատրիտի Սան Փապլօ համալսարանի պատմագիտութեան դասախօս,ապա գրող եւ լրագրող Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Կեդրոնական վարչութեան անունով Մարիօ Նալպանտեան։
Անթոնիօ Էլորզա նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կը վերաբերի ոչ միայն հայերու եւ թուրքերու, այլ՝ համընդհանուր մարդկութեան։ Միջազգային ընտանիքը անհրաժեշտ ճնշումը չի գործադրեր (ըստ Էլորզայի) Թուրքիան մղելու Ցեղասպանութեան ժխտման քարոզչութիւնը դադրեցնելու։ Ուստի հարկաւոր է շարունակել ճանաչման պայքարը, քանի դա օտակար պիտի ըլլայ ամբողջ մարդկութեան։
Իսկ Խոսէ Լուիս Օրելլա պատմելով, որ շատեր Սպանիայի մէջ նոյնիսկ անծանօթ են Հայ Ազգին՝ որ ունի երկար դարերու պատմութիւն, եւ որու աւանդութիւններն ու մշակոյթը ունին հսկայական հարստութիւն, նշեց թէ Հայ Ազգը, յատկապէս որպէս մարտիրոսական Ազգ, ստիպուած եղած է դարերէ ի վեր գոյատեւել տարբեր թշնամիներու դէմ։
Փրոֆ.Օրելլա ընդգծեց լրատուամիջոցներու պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը մէկ կողմէ ծանօթացնելու հայկական իրականութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ տարածելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջն ու Հայ Ժողովուրդի շարունակուող պայքարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.