2011-05-26 12:13:07

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի 26 մայիս 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 11ին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց. Գերապայծառ ֆէրնանտօ ֆիլոնին՝ նախագահը Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովին, ապա Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինի՝ Տեղապահ Արքեպիսկոպոսը Հռոմի Թեմին։
Հուսկ Սրբազան Հայրը ընդունեց Գերապայծառ ֆրանսիս Գալլարագալը՝ Հնդկաստանի Վերաբոլիի Արքեպիսկոպոսը, Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց դասի հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։
Ժամը 12-ին, Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Հնդկաստանի եպիկոպոսաց համահաւաք դասի եօթը եպիսկոպոսներուն եկած կաարելու իրենց կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Յետ միջօրէին՝ Նորին սրբութիւնը այցելեց Հռոմի Santa Maria Maggiore պազիլիքան, ուր գլխաւորեց Սուրբ վարդարանի Մարեմեան աղօթքը ։

Իսկ երէկ՝ Չորեքշաբթի 25 մայիսին, Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Պերթոնէի ստորագրութեամբ` ցաւակցական հեռագիր մը ուղղած էր Միացեալ Նահանգներու Միսսուրի Նահանգի Ժոբլէն քաղաքի եպիսկոպոսին ու բնակչութեան, որոնք անցեալ կիրակի օրը ենթարկուած էին աղէտալի <<Թորնատոյի>> սաստիկ հարուածին որուն զոհ գացած էին աւելի քան 120 հոգի, մինչ հարիւրաւոր ուրիշներու ճակատագիրը տակաւին անյայտ է։ Նորին սրբութիւնը իր հեռագիրի մէջ յայտնած է ՜՜աղօթքի միութիւն եւ զոհերուն հոգւոյն փրկութիւն, նաեւ սփոփանք վերապրողներուն ու անտուն մնացողներուն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.