2011-05-26 12:17:53

Հոլանտա Ապաստանեալի Իրաւունք Կը Շնորհէ Ցեղասպանութիւնը Հաստատած Դատաւորին։


Ֆրանսայի «Նուվէլ Արմէնի» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Հոլանտայի իշխանութիւնները քաղաքական ապաստանեալի իրաւունք շնորհած են Թուրքիոյ նախկին դատաւորներէն Չաղաթայ Չեթինին, որ Անգարայի կողմէ կը հալածուի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ քիւրտերու իրաւանց մասին իր արտայայտած կարծիքներուն համար:
Չաղաթայ Չեթին, որ հայկական ու քրտական ծագում ունի,ան կ՛ընդունի, թէ Յունուար 2010-ին, կեղծ անցագիրով մը դուրս եկած է Թուրքիայէն, ուր ան 17 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր ատեանի մը կողմէ: Ան նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատած էր ոչ պաշտօնական հաւաքի մը ընթացքին, ուր ան քննադատած էր նաեւ քիւրտերու դէմ ու գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի հարցով Անգարայի որդեգրած քաղաքականութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.