2011-05-26 12:14:02

Խրուաթիայի Կաթողիկէ Եկեղեցին Իրաւասու Է Դպրոցներ Ունենալու Եւ Մատակարարելու։


Ս. Աթոռը եւ Խրուաթիան համաձայնագիր մը ստորագրած են, որով կաթողիկէ եկեղեցւոյ կը ճանչցուի իրաւունքը ունենալու իր սեփական դպրոցները։ Այս համաձայնութիւնը կու գայ Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին ( 4-5 յունիս) Խրուաթիա այցելելէն մի քանի օր առաջ։ Խրուաթիայի նախարարապետը՝ տիար Գոզոր ընդգծած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրթական եւ դաստիարակչական հաստատութիւններու դրական դերը ընկերութեան մէջ։ Այդ հաստատութիւնները միշտ աշխատած են հզօրացնել աշակերտներու մօտ հայրենասիրութեան, կրօնական ու մշակութային առողջ զգացումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.