2011-05-26 12:18:04

«Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգ Լեռնային Ղարաբաղի Ողբերգական Իրադարձութիւններով՝՝ Կ՝ըսէ Քեթրին Էշթըն։


Եւրոպական Միութիւնը անհանգստացած է այն մահացու միջադէպերով, որոնք տեղի ունեցած են անցեալ շաբաթ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն յայտարարած է, որ «մենք անհանգստացած ենք Վրաստանի միջադէպերով, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ողբերգական իրադարձութիւններով, որոնք տեղի ունեցած են անցեալ շաբաթ»:
Յիշեցնենք, որ 11 Մայիսին, ղարաբաղ-ատրպեճանական սահմանի հարաւ-արեւելեան հատուածին վրայ, քարշակով աշխատելու պահուն, ատրպեճանական դիպուկահարի մը գնդակով զոհուած էր Հադրութի շրջանի Քիւրաթաղ գիւղի բնակիչ Արայիկ Բալասանեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.