2011-05-25 13:28:00

Քրիստոնեայ-իսլամ Երկխօսութեան Կարեւորութիւնը Ալ Ազհար Համալսարանի Հետ։


Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը, իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ՝ կ'ընգծէ Քրիստոնեայ իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը ալ Ազհար համալսարանի հետ, մատնանշելով որ անցեալ 18 մայիսին Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի պատասխանատուները հանդիպում ունեցած են Եգիպտոսի արտգործ նախարար Նապիլ ալ Արապիի հետ, նոր քարտուղարը արաբական լիկային։ Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ հարկաւորութիւնը շարունակելու երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը ալ Ազհար համալսարանին հետ`որ գերագոյն իշխանութիւնն է սիւննիդ մահմետականներուն։ Այս վերջինը իր յարաբերութիւնները խզած էր Վատիկանի հետ, Քահանայապետին ուղղած կոչէն ետք Միջին Արեւելքի կառավարութիւններուն, ի պաշտպանութիւն քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու։։ Եգիպտոսի արտգործ նախարարը յայտնած է թէ ալ Ազհարի կրօնապետ՝ Ահմետ էլ Թայեփի համար, պէտք է մոռնալ անցեալի դժուարութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.