2011-05-25 13:26:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 25 մայիս 2011-ի առաւօտեան ժամը 10.30ին , Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց Ս. Պետրոսի անուան հրապարակը խմբուած՝ իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜աղօթքի նշանակութեան՝՝ նիւթին մասին, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Յակոբ Նահապետի Աստուծոյ հետ ունեցած փորձառութեան, մատնանշելով այն դէպքը ուր Յակոբոսը կը մարտնչի անյայտ ու խորհրդաւոր անձի մը հետ, որուն ինքնութիւնը, մութի պատճառաւ, անհասնկնալի էր։ Յակոբոս քաջաբար կը կռուի ու կը դիմադրէ իր հակառակորդին, խորհրդաւոր անձը կը հարցնէ ի՞նչ է անունդ։ Յակոբ , կը պատասխանէ նահապետը։Այդ պահուն խորհդաւոր մարդը կ՛ըսէ . «Այլեւս՛ քու անունդ Յակոբ թող չկոչուի, հապա՝ Իսրայէլ. որովհետեւ Աստուծոյ հետ ու մարդոց հետ գօտեմարտեցար, եւ յաղթեցիր։ Յակոբ հարցուց` «Կ՛աղերսեմ` անո՛ւնդ իմացուր ինծի։ Ան պատասխանեց ՜՜Ինչո՞ւ անունս կը հարցնես, եւ հոն օրհնեց զինք՝՝։
Այս նոր ինքնութիւնը կը վկայէ Աստուծոյ յաղթանակը որ ձրիաբար իր օրհնութիւնը կու տայ Յակոբ Նահապետին։
Եկեղեցական աւանդութիւնը այս դէպքը կը նկատէ որպէս աղօթքի խորհրդանիշ, հաւատքի համար պայքար ու յարատեւութեան յաղթանակ։ Երկար գիշեր մը Աստուծոյ փնտռտուքի մէջ։ Աղօթքի գիշեր մը ու Աստուծոյ հանդիպելու բաղձանքի գիշեր մը որուն աւարտին կը յայտնուի Աստուծոյ ողորմածութիւնը։
Սիրելի եղբայրներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մեր ամբողջ կեանքը այս պայքարին եւ աղօթքի գիշերուան կը նմանի, որուն աւարտին խոնարհութեամբ Աստուծոյ օրհնութեան հետ կ՛ընդունինք նոր ինքնութիւն։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու ապա հայրական յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Երէկ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, տօնեցինք Օգնական Տիրամօր տօնը։ Թող Տիրամայրը օգնէ ձեզ սիրելի երիտասարդներ, որ ամէն օր աւելիով հաստատուիք ձեր հաւատքին մէջ։ Թող ձեզ սփոփէ սիրելի հիւանդներ, եւ ձեզ քաջալերէ սիրելի Նորապսակեալներ ձեր առօրեային մէջ թարգմանը հանդիսանալու սիրոյ պատուիրանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.