2011-05-25 14:42:06

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հայ Դատը Արծարծեց Ճամէյգայի Խաղաղութեան Միջազգային Համագումարին


Չորեքշաբթի, 18 Մայիս 2011ին, Ճամէյգայի մէջ սկսած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կազմակերպած խաղաղութեան նուիրուած միջազգային համագումարին ներկայ էին բոլոր Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներէ ժամանած պատուիրակութիւններ:
Ուրբաթ, 20 Մայիս եւ Շաբաթ, 21 Մայիս, համագումարին քննարկման առարկան դարձան ՙխաղաղութիւնը ստեղծագործութեան հետ՚ եւ ՙխաղաղութիւնը տնտեսական համակարգին մէջ՚ թեմաները, որուն մասնակցեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս ներկայացուցիչները: Տիկ. Սեդա Խտըշեան որպէս անդամ նաեւ մասնակցեցաւ միջազգային հարցերու յանձնաժողովի ժողովին:
Ուրբաթ օր, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) հարցազրոյց մը ունեցաւ Պազելի (Զուիցերիա) կաթոլիկ թեմի պաշտօնաթերթի թղթակիցին հետ եւ վայրագութեան յաղթահարման անդրադառնալով, յիշեցուց Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս քրիստոնեաներու, եկեղեցիներու եւ համաշխարհային ընկերութեան արդարութեան ու խաղաղութեան հաստատման յանձնառութեան կենդանի օրինակ եւ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման զօրակցութիւն:
ՙԽաղաղութիւնը ստեղծագործութեան հետ՚ նիստի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները ծառատնկումով Հայ Եկեղեցւոյ բնապահպանման հանդէպ ունեցած հոգածութիւնը ցոլացուցին:
Ընդառաջելով Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գինկսթընի ծուխի հրաւէրին, Կիրակի, 22 Մայիս, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու հոգեւորական եւ աշխարհական ժողովականներ մասնակցեցան սուրբ պատարագին ու սուրբ հաղորդութիւն ստանալով իրենց հաւատքի միութիւնը վերահաստատեցին: Յայտնենք, թէ Եթովպիոյ Ուղղափառ Քոյր Եկեղեցին միայն թեմ ունի Ճամէյգայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.