Մալթայի Եպիսկոոպոսները Կոչ Կ՝ուղղեն Իրենց Հաւատացեալներուն, Մերժելու ՝ Ապահարզանի
Հանրաքուէն։
Մալթայի կաթողիկէ եպիսկոպոսները կոչ ուղղած են իրենց հաւատացեալներուն մերժելու ապահարզանի
հանրաքուէն, որ տեղի պիտի ունենայ 28 մայիսին, մատնանշելով որ ով որ կ'արտայայտուի մնայուն
ամուսնութեան ի խնդիր կը յայտնէ իր հաւատքը ընտանիքի հանդէպ, հիմնուած՝ սիրոյ անքակտելի
կապին վրայ, այսպէս կը գրեն եպիսկոպոսները իրենց հովուական նամակին մէջ։ Եպիսկոպոսներու
համոզումով ապահարզանը քանդումն է ամուսնութեան եւ ընտանիքին ինչպէս նաեւ՝ խախտումը արժէքներու
եւ կորուստը կեանքի որակին։