2011-05-25 13:09:00

 Էջ Մը Հայ Գրականութենէն. Գրիգոր Նարեկացի։
(951-1003) Հայկեան Հանճարին աստուածային լուսապսակը..


՝՝Նարեկ՝՝ անունով մեր ժողովուրդին կողմէ սրբացուած ՝՝Մատեան Ողբերգութեան՝՝ իր բանաստեղծական գործով՝ Նարեկացի ոչ միայն հայ գրականութեան վեհաշուք Արարատը դարձաւ, այլեւ՝ Աստուածաշունչի կամ Սուրբ Գիրքի չափ, հոգեմտաւոր լոյսի ու սնունդի վարար աղբիւրն ու լուսաւոր փարոսը եղաւ հայ ժողովուրդին՝ ահա աւելի քան հազար տարիէ ի վեր։
Նարեկայ վանքէն դուրս աշխարհ չտեսաւ եւ ճգնաւորութենէ զատ կեանք չճանցաւ Գրիգոր վարդապետ, բայց ի վերուստ իրեն շնորհուած հանճարի մտքով ու սրտով, այլեւ բոլոր զգայարանքներով՝ շօշափեց, պեղեց եւ վերծանեց մարդն ու աշխարհը, կեանքն ու անդենականը իմաստաւորող բոլոր ճշմարտութիւնները։ Մանաւա՛նդ այդ բոլորը յաւիտենութեան յանձնեց բանաստեղծական այնպիսի երաժշտութեամբ, յուզական այնպիսի իրաւութեամբ եւ իմաստասիրական այնպիսի խորութեամբ, որ իր ժամանակին շունչը դառնալով մէկտեղ՝ եղաւ բոլոր ժամանակներուն համար անանց ճշմարտութեանց պատգամախօսը։
Բնաւ ալ պատահական չէ, հետեւաբար, որ արդի հայ գրականութեան բոլոր մեծութիւնները, Խաչատուր Աբովեանէն մինչեւ Սիամանթօ, Պետրոս Դուրեանէն մինչեւ Յովհաննէս Թումանեան, Դանիէլ Վարուժանէն ու Միսաք Մեծարենցէն մինչեւ Եղիշէ Չարենց ու Պարոյր Սեւակ, անվարա՛ն բոլորը Նարեկացին կ՝ընդունին իբրեւ իրա՛ւ յոյզերու, խորագո՛յն ճշմարտութեանց եւ գեղարուեստակա՛ն արարումի մեծագոյն առաջնորդն ու վարպետը միանգամայն։
Իսկ հայ մարդը ամէնուր եւ բոլոր ժամանակներուն ՝՝Նարեկ՝՝ը պահեց իր բարձին տակ, իբրեւ իր էութեան ամէնէն հարազատ ու խորասոյզ վկայարանը՝ անոր մէջ փնտռելով ու գտնելով ոչ միայն հոգեկան մխիթարութեան եւ փրկութեան, այլեւ՝ մարմնական ապաքինման ու առողջութեան հրաշազօր բալասանը։
Վասպուրական աշխարհի Ռշտունեաց գաւառի ծնունդ էր Գրիգոր Նարեկացի՝ Բզնունեաց տոհմի շառաւիղ, որ լոյս աշխարհ եկաւ Վանայ լիճի հարաւը գտնուող աննշան գիւղի մը մէջ, հոգեւորական եւ մտաւորական ընտանիքի մը յարկին տակ։ Հայրը՝ Խոսրով արքեպիսկոպոս էր ու ծանօթ գրող։ Գրիգոր մանուկ տարիքին կորսնցուցած էր մայրը եւ ղրկուած էր հօրեղբօր՝ Անանիա վարդապետի մօտ, որ Նարեկայ վանքի վանահայրն էր. ամբողջ իր կեանքը Գրիգոր անցուց Նարեկայ վանքին մէջ եւ հոնկէ ալ ստացաւ իր Նարեկացի անուանումը։
Բանաստեղծի յորդաբուխ յուզաշխարհով օժտուած եւ աստուածաբան-իմաստասէրի ընդրկուն գիտելիքով ու ճանաչողութեամբ զարգացած հեղինակութիւն էր Գրիգոր Նարեկացի, որ իր ժամանակի ուսումնական այդ կարեւոր օճախի՝ Նարեկայ վանական դպրոցի սիւներէն մէկը դարձաւ։ Հակառակ որ միայն 52 տարի ապրեցաւ, բայց գրական եւ իմաստասիրական հարուստ ժառանգութիւն մը ընծայաբերեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան գանձարանին։







All the contents on this site are copyrighted ©.