2011-05-24 12:38:43

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
՜՜Չինաստան։ Աղօթք Եւ Միութիւն՝՝


Այս շաբթուայ խմբագրականին մէջ, Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի կ՛անդրադառնայ Սրբազան Քահանայապետի Չինաստանի եկեղեցւոյ ի սպաս յղած կոչին, ի պատրաստութիւն յառաջիկայ 24 մայիսի նշուելիք Աղօթքի Օրուան առթիւ։
Սրբազան Քահանայապետը կը հաւատայ աղօթքի զօրութեան - կը գրէ Հայր Լոմպարտի - եւ մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու՝ լի վստահութեամբ, որով աղօթքով մենք կրնանք շօշափելիօրէն օգտակար դառնալ այդ (չինաստանի) եկեղեցւոյ։

20 տարի առաջ, երբ Չինաստան կը գտնուէի, ծերունի մը Ս. պատարագի մը աւարտին ֆրանսերէնով ինծի հարցուց. Սրբազան Քահանայապետին առողջութիւնը լ՞աւ է։
Այդ տարիներուն համացանցը տակաւին գոյութիւն չունէր եւ Չինստանի լրատուական գործակալութիւնները սրբազան քահանայապետի մասին չէին անդրադառնար։
Այն ատեն հասկցայ որ տասնեակ տարիներու ընթացքին որքանով Չինաստանի Կաթողիկէները աղօթքի եւ միութեան զգացումներով կ՛ապրէին Հռոմի եկեղեցւոյ ու Սրբազան Քահանայապետին հետ եւ յուզուեցայ։
Այս միութեան եւ անոր կարեւորութեան մասին է որ կը խօսի Նորին Սրբութիւնը ու մեզ կը հրաւիրէ որ մենք ալ մեր կարգին մշակենք միութիւնը, խնդրելով Քրիտոնէից Օգնական Տիրամօր Բարեխօսութիւնը որ՝ մեծարուած է Չինաստանի Շանկայի հանրածանօթ Շեշանի սրբավայրին մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը կ՞ըսէ թէ Չինացի հաւատացեալները <<կարիքն ունին մեր աղօթքներուն եւ մենք պարտադիր ենք աղօթելու իրենց համար>> ճիշդ որովհետեւ Չինաստանի եկեղեցին այսօր ենթարկուած է հալածանքի եւ հակամիութեան ճնշումներու։ Հարկ է որ աւելիով աղօթենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.