2011-05-24 12:38:03

24 Մայիսը Չինաստանի Եկեղեցւոյ Համար Յատկացուած Աղօթքի Օր Հաստատուած Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Կողմէ։


30 յունիս 2007ին` Չինաստանի Կաթողիկէներուն յղած իր նամակով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հաստատած էր 24 մայիսը Չինաստանի Եկեղեցւոյ նուիրուած աղօթքի համաշխարհային օր։
Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ նշած էր թէ 24 մայիսը Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր տօնն է, որ Չինաստանի Շէշան Սրբավայրին մէջ մեծ շուքով կը տօնուի։Ան ապա կոչ ուղղած է համայն կաթողիկէ հաւատացեալներուն զօրավիգ կանգնելու Չինսատանի Կաթողիկէներուն միանալով անոնց աղօթքներուն։
Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 2008ին աղօթք մը ընծայած է Շէշանի Քրիստոնէից օգնական Տիրամօր որուն մէջ կը հայցէ որ Ան ապաւէն կանգնի Զինաստանի կաթողիկէ հաւատացեալներուն ու առաջնորդէ անոնց քայլերը դէպի Քրիստոս` առանց վհատութեամբ ու տարակոյսի այնպէս ինչպէս ինք ըրած էր իր <<այոն>> արտասանելով Գաբրիէլ հրեշտակապետին, ու յանձն առնելով ամէն տառապանք ու չարչարանք , մինչեւ խաչին ոտքը տեսնելով իր որդւոյն մահը։
Ով Յոյսի Տիրամայր - կը գրէ սրբազան քահանայապետը - դուն որ շաբաթ օրուայ մթութեան ընդմէջէն յոյսով ընթացար մինչեւ Զատկուայ արշալոյսը, պարգեւէ քու զաւակներուդ այն վստահութիւնը, որպէսզի ամէնուրէք զգան Աստուծոյ ներկայութիւնն ու մօտիկութիւնը։
Շէշանի Տիրամայր, դուն նեցուկ կանգնէ բոլոր անոնց որ հանդերձ Չինաստանի մէջ մեծ դժուարութիւններու ու խոչընդոտներուն, կը շարունակեն հաւատալ, յուսալ ու սիրել. եւ ըրէ՝ այնպէս որ երբէք չվհատին խօսելու Յիսուսի մասին։ Օգնէ զանոնք որ կարենան հաւատաւոր վկաները ըլլան Աստուծոյ անսահման սիրոյն ապրելով Պետրոսի հիմնած եկեղեցւոյ հետ միութեան մէջ։
Չինաստանի եւ Ասիոյ Մայր աղօթէ մեզի համար։ Ամէն







All the contents on this site are copyrighted ©.