2011-05-23 12:51:22

Միջազգային Գարիթասը Պէտք Է Պահէ Իր Քրիստոնէական Ինքնութիւնը։


Վատիկանի պետական քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ, 22 մայիսին, պատարագ մատուցելով միջազգային Գարիթասի համաժողովին, հրաւիրեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմինը, որ չկորսնցնէ իր քրիստոնէական ինքնութիւնը։ Իր այս բացման պատարագով, Վատիկանի պետական քարտուղարը կը մտադրէ ետ ձեռք առնել կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ բարեսիրական 165 մարմիններու դաշնակցութիւնը։ Պետական քարուղարը իր քարոզին մէջ ընդգծեց այդ մարմնոյն եկեղեցական բնոյթը ու սերտ կապը եկեղեցւոյ նուիրապետութեան հետ ու Եկեղեցւոյ եղբայրօգնութեան ներգործութեան ճշմարիտ նշանակութիւնը։ Եկեղեցին, ըսաւ ան, պէտք չէ միայն եղբայրօգնութիւն կատարէ, այլ այդ եղբայրօգնութիւնը պէտք է կատարուի Քրիստոսի օրինակով ու անունով։
Գոր Ունում` ''մէկ սիրտ'' քահանայապետական բարեսիրական մարմինը վաւերաթուղթ մը կը պատրաստէ, որով կը մատնանշէ տեղական եպիսկոպոսներու դերն ու պատասխանատուութիւնը հայող Եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմիններուն։
Յայտնենք թէ Միջազգային Գարիթասը այս տարի կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 60 ամեակը (դեկտեմբեր 1951) եւ ներկայիս Հռոմի մէջ 22-27 մայիս իր ընդհանուր համաժողովը կը կատարէ։ Համաժողովին կը մասնակցին 165 մարմիններու աւելի քան 300 պատուիրակները, ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ` ''մէկ մարդկային ընտանիք զէրօ աղքատութիւն'' նշանաբանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.