2011-05-23 12:50:43

Կաթողիկէ Համալսարանը Գիտութեան Գերագոյն Վայրը Պէտք Է Ըլլայ


Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը ընդունելով Իտալիոյ կաթողիկէ համալսարանի անձնակազմը` աւելի քան 7 հազար դասախօսներ եւ ուսանողներ, ըսաւ որ կաթողիկէ համալսարանը պէտք է լաւագոյն վայրը ըլլայ գիտութեան ու ճշմարտութեան ճանաչումի փափաքին, եւ պատմութեան ու մարդու հետաքրքրութեան, որ կը յատկանշեն քրիստոնէական հոգեւորութեան իսկութիւնը։ Քրիստոնէական հեռանկարը մարդու եւ իրերու ,ներհակ չէ գիտական ճանաչումի ու մարդու նուաճումներուն, ընդհակառակը կը նկատէ հաւատքը որպէս հորիզոնը նշանակութիւններու եւ ճանապարհը ճշմարտութեան լիութեան եւ ուղեցոյցը հարազատ բարգաւաճումին։ Սրբազան Քահանայապետը աւելցուց. ՜՜առանց ճշմարտութեան ուղեցոյցին, առանց պարկեշտ եւ յանդուգն փնտռտուքի ամէն մշակոյթ իր ճանապարհէն կը շեղի ու կը մոլորի, կ'իյնայ յարաբերականութեան մէջ ու անցողականի մէջ կը կորսուի՝՝։
Նշենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ կաթողիկէ համալսարանին անդամներուն, համալսարանի հիմնարկութեան 90-րդ տարեդարձին առթիւ։ Ան ներկայ է Իտալիոյ Միլանօ, Բիաչենցա, Պրեշիա, Գամբոպասօ եւ Հռոմ քաղաքներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.