2011-05-22 09:09:30

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խօսքը Թերեզիանում Կոչուած Աստուածաբանական Մասնաճիւղի Անդամներուն` ՜՜Հոգեւոր Ուղղութեան Անհրաժեշտութիւնը՝՝ Նիւթին Մասին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ընդունելով՝ Թերեզիանում կոչուած աստուածաբանական մասնաճիւղի անդամները, իրենց հիմնարկութեան 75-րդ տարեդարձին առիթով, ընդգծեց հարկաւորութիւնը հոգեւոր հօր։
Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով ամէն քրիստոնեայ պէտք ունի ապահով հոգեւոր առաջնորդի մը, ասոր համար հոգեւոր հայրերը աստուածաբանական յատուկ պատրաստութեան կը կարօտին, անոնք պէտք որ է ըլլան հմուտ վարդապետներ, որպէսզի առաջնորդուողը չսայթաքի ենթայականութեան մէջ։ Եւ ասոր համար եկեղեցին կը շարունակէ յանձնարարել հոգեւոր առաջնորդութեան անհրաժեշտութիւնը, ոչ միայն անոնց՝ որոնք թեկնածու են կղերական դասին մաս կազմելու, այլեւ՝ ամէն հաւատացեալին համար որ կ'ուզէ ապրիլ իր մկրտութեան խոստումները։
Նշենք թէ՝ Թերեզիանում կոչուած աստուածաբանական քահանայապետական մասնաճիւղը հիմնուած է 1936ին կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովէն։ Անոր նպատակակէտը եղած է աստուածաբանութեան մասնաճիւղերու դասաւանդութիւնը, մասնաւորապէս կեդրոնանալով հոգեւոր կեանքի վրայ։ 1963ին երանելի Յովհաննէս 23 Հռոմի Պապը անոր՝ (Թէրէզիանում աստուածաբանական համալսարանի) շնորհած է ''քահանայապետական մասնաճիւղ'' տիտղոսը։
Համալսարանը Թերեզիանում անունը որդեգրած է 1982ին սրբուհի Թերեզա տ'Ավիլայի մահուան Դ. դարադարձին առիթով։ Թերեզիանում համալսարանը կը գտնուի Վատիկանէն ոչ հեռու՝ Հռոմի կեդրոնը Սան Բանգրացիօ կոչուած հրապարակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.