2011-05-22 14:01:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։

Կիրակի 22 մայիս, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Ողջ Լեր Թագուհի, մարնմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն բազմահարիւր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Քրիստոսի յարութեամբ բարեփոխուեցաւ մեր մարդկային կեանքի վիճակը։ Քրիստոս յաղթահարեց մահը` պտուղը մեր մեղքին, ու մեզի բերաւ յաւիտենական կեանքը։
Այսօրուան Աւետարանը, Զատկուան 5-րդ Կիրակին, մեզի կու տայ երկու պատուիրաններ ` հաւատալ աստուծոյ եւ հաւատալ Յիսուսի։ Տէրը` արդարեւ, կ'ըսէ իր աշակերտներուն. հաւատացէք Աստուծոյ եւ հաւատացէք ինծի։
Աստուծոյ Որդին իր մարդեղութեամբ, մահուամբ ու յարութլեամբ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեզ ազատագրեց մեղքի գերութենէն, որպէսզի մեզի պարգեւէ Աստուծոյ որդիներու ազատութիւնը, ու մեզի ճանչցուց Աստուծոյ դէմքը` որ սէր է։ Հետեւաբար բաւարար է հաւատալ Քրիստոսի ու Անոր հետ միացած մնալ։ Տէրը կ'ըսէ. ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, ով որ ինծի հաւատայ պիտի կարողանայ իմ կատարած գործերս կատարել։
Ս. Օգոստինոս այդ ուղղութեամբ կը գրէր. հարկաւոր էր որ Յիսուս ըսէր ես եմ կեանքը, ճշմարտութիւնը ու ճանապարհը։ Անգամ մը որ կարողացանք ճանչնալ ճանապարհը, մեզի կը մնայ ճանչնալ վերջակէտը։ Հայրն է կէտնպատակը։ Քրիստոնեաներուն համար Յիսուսը ճանապարհ է որ կը տանի Աստուծոյ։ Ան ունի կեանքի խօսքերը։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակելով, եկեղեցին պարտականութիւնը ունի աշխարհին ճանչցնելու Յիսուս Քրիստոսը` կեանքը, ճշմարտութիւնը ու ճանապարհը։ Մեր պաղատանքը բարձրացնենք առ Ս. Կոյս Մարիամ, որպէսզի օգնութեան հասնի եկեղեցւոյ հովիւներուն ու համայն կղերին քարոզելու Աւետարանը` փրկութեան ուրախ լուրը, որպէսզի Աստուծոյ խօսքը տարածուի ու Քրիստոսի աշակերտներուն թիւը բազմապատկուի։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրպութիւն զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ ներկաներուն յիշեցուց թէ եկեղեցին այսօր կը ցնծայ որովհետեւ ունեցաւ երկու երանելուհիներ, առաջինը փորթուկալացի երանուհի Մարիա Գիարա եւ պրազելցի քոյր Տուլս Լոբէս։ Երկու նուիրեալ կոյսեր, կը գործեն ս. Կոյս Մարիամ Անարատ յղութեան հովուանաւորութեամբ։
Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի մը եւ բարի շաբաթ մը։
Իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.