2011-05-22 09:09:37

Աստուծոյ Աղախին Տուլչէ Լոբէս Բոնթէս՝ Խորաններու Պատւոյն։


Այսօր կիրակի,Սալվատօրէ Տա Պահիա ,Պրազիլի մէջ Երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ Աղախին Տուլչէ Լոբէս Բոնթէս (աւազանի անունով Մարիա Ռիթա) Անարատ Յղութեան Միսիոնար Մայրապետներու Միաբանութենէն ։ Արարողութիւնը կը գլխաւորէ Սրբազան Հօր Պենետիկտոս ԺԶ.ի ներկայացուցիչը Կարտինալ Ճէրալտօ Անիէլօ՝ Արքեպիսկոպոսը Սաօ Սալվատօր Պահիա քաղաքի։
Մարիա Ռիթա կը ծնի 1914-ին Պահիա,հինգ եղբայրներու երկրոդը ,մայրը կը կորսնցնէ վեց տարեկանին,ուստի կը մեծնան բժիշկ հօրը հոգատարութեամբը,եղբայրօգնութեան ու բաժնեկցութեան ոգիով,նոյնիսկ իրենց տան մէջ խնամելով կարիքաւոր անձերը։ Դպրոցական ուսմանց աւարտին,հետեւելով հոգւոր հօրը խրատին, կը մտնէ ֆրանչիսկեաններու Աշխարհական Կարգը,ապա կը յաճախէ Անարատ Յղութեան Միսիոնարուհիներու Միաբանութեան Նորըծայարանը (Սէրկիբէ) ուր կը կատարէ կրօնաւորական ուխտերը(1934) առնելով Տուլչը անունը,ի յիշատակ իր մօրը,որ կորսնցուցած էր երբ ինք վեց տարեկան էր։
1936ին կը հիմնէ իր Հոգեւոր հօր Հայր Գրութհաուբ-ի հետ Սուրբ ֆրանչիսկոսի Գործաւորուհիներու Միութիւնը,որը այդ շրջանին կը հանդիսանայ Պահիա-ի առաջին կաթողիկէ գործաւորական ընկերակցութիւնը։ Ապա գործաւորներու ու անոնց զաւակներու դաստիարակութեան համար կը հիմնէ Սուրբ Անթոնիօ-ի անուան Վարժարանը,ուր փոքրերը կը յաճախէին առաւօտեան ժամերուն,իսկ բանուորները անոնց հայրիկները երեկոյան ժամերուն։ Երանուհի Տուլչէ Լոբէս յատկապէս զգայուն տառապանքի նկատմամբ կը հիմնէ պատսպարան մը տնային կենդանիներու համար,եւ բուժարան մը քաղաքի աղքատներուն համար։ 1959ին է որ կը հաստատուի Տուլչէ Մայրապետի Ընկերային Գործառնութեանց Ընկերակցութիւնը ,որ կը նկատուի աշխարհի մարդասիրական ամենակարեւոր հիմնարկութիւններէն մին իր 2.300 գործակիցներով եւ 600կամաւորներով Պրազիլի ու արտասահմանի մէջ։

Տուլչէ Լոբէս Մայրապետը իր կեանքի ընթացքին երկու կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ Պրազիլի մէջ, մին Կալկաթայի Մայր Թերեզային հետ 1979-ին,իսկ միւսը երջանկայիշատակ ՅՊԲ.ի հետ 1980-ին եւ 1991-ին։ Կը վախճանի 13 մարտ 1992-ին Պահիայի մէջ ՝՝Մայրը Աղքատներու՝՝ կամ թէ ՝՝ Պահիա-ի Բարի Հրեշտակը՝՝ անուանումներուն արժանացած այս մայրապետը,որու մարմինը կը պահուի Անարատ Յղացեալ Ատուածամօր Եկեղեցիին մէջ՝Սալվատօր Տա Պահիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.