2011-05-21 11:57:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 21 մայիս 2011ի առաւօտեան՝ Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասէն հինգ եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին։
Ժամը 11.45ին՝ Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց ՜՜Սիրտ Յիսուսի՝՝ Համալսարանի հասարակութիւնը, համալսարանին 90 ամեակի առթիւ։ Նշնենք որ ունկնդրութենէն առաջ առաւօտեան ժամը 9.30-ին՝ ՜՜Սիրտ Յիսուսի՝՝ Համալսարանի անձնակազմը, աշակերտութիւնն ու անոնց ընտանեկան պարագաները՝ ( 7000 հոգիէ բաղկացած ուխտաւորներ) Սուրբ Պետրոսի մէջ մասնակցեցան Ս. պատարագին որուն նախագահեց Միլանոյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Տիոնիճի Թեթթամացցին։
Ժամը 13.11-ին ֆոգոնի անուան սրահէն Նորին Սրբութիւնը արբանեակի միջոցաւ կապուեցաւ Անջրպետային Կայանի հետ, Էնտիավուր Շադդըլի վերջին ճամբորդութեան առթիւ, ու Կայանի 12 աստղանաւորդներուն խօսք մը ուղղեց։
Նշենք Թէ 12 աստղանաւորդներո շարքին կան նաեւ երկու իտալացիներ Գնդապետ Ռոպերդ Վիթթորի որ իր հետ կը տանի Սրբազան պապին նուիրած Արծաթեայ մետալը եւ ճարտարագէտ Բաուլօ Նէսբոլին։
Յետ միջօրէին Ժամը 6ին՝ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչը կարտինալ Մարգ Ուէլլէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.