2011-05-21 12:02:36

Հայազգի Արուեստագէտ Ժան Փոլ Կիրակոսեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէս-Լիբանան։


Ժան Փոլ Կիրակոսեան արուեստագէտը իր գործերուն ընդմէջէն պատգամներ եւ յատկապէս ընդվզումներ կը յայտնէ, կը մերժէ քարացած ժխտական իրականութիւնները եւ պաստառները դիտողը կը մղէ մտածելու, որ կարելի է բան մը փոխել կացութենէն, որպէսզի աւելի լաւ միջավայր ու ապագայ մը ունենանք:
Հինգշաբթի,19 մայիսին (Պէյրութի) «Էմմակոս» ցուցասրահին մէջ կայացաւ «Աներեւոյթ» խորագիրը կրող Ժան Փոլ Կիրակոսեանի ցուցահանդէսի բացումը եւ պիտի տեւէ մինչեւ 4 յունիս 2011:
Պաստառներու այլազանութիւնը, գոյներու հարստութիւնը, ոչ ամբողջական մարդկային մարմինները, բնութեան արտացոլացումը, ներկայի ու ապագայի հանդիպումը կ՛արտացոլան Ժան Փոլ Կիրակոսեանի գործերուն մէջ, որոնք տարբեր չափերով եւ նիւթերով կը հանգչին ցուցասրահին պատերուն վրայ:
Իր արուեստին առանցքին մասին խօսելով` Ժան Փոլ Կիրակոսեան ըսած է . «Ես ամէն ինչէ կը դժգոհիմ, պաստառներուս մէջ կը տեսնէք, որ իմ նկարած կիներուս մեծամասնութիւնը ձեռք, ոտք եւ գլուխ չունին, որովհետեւ երբ կինը ծնի, զինք կը դաստիարակեն այնպէս, որ ինք կ՛ապրի, որպէսզի ամուսնանայ եւ իր կողակիցին տունը երթայ: Այսպիսով կը ստեղծեն այն տրամադրութիւնը, որ կինը երկրորդական մակարդակի պատկանող անձ մըն է, տղաքը իրաւունքներ ունին, իսկ կիները չունին, իգական սեռի պատկանողները պիտի ամուսնանան եւ իրենց ամուսիններուն անունը կրեն. ինչո՞ւ: Այսպիսով կը սկսին արդէն ստորադասի կացութեան մէջ դնել կինը, որ ինքնաբերաբար պիտի զգայ, որ ընտանիքին մէջ նուազ իրաւունք եւ տեղ ունի: Իսկ տղաքը աւելի իրաւունք ունեցողի դիրքին մէջ պիտի ըլլան, ինչ որ կրնայ մղել զանոնք, որ իրենց շուրջ գտնուող իգական սեռի պատկանողներուն արժէքն ու յարգը չգիտնան: Նման մօտեցումով հասակ նետած անձ մը նաեւ կրնայ յարգը չգիտնալ իր երկրին, իր ժողովուրդին, իր շրջապատին: Այդ պատճառով է, որ դժգոհութիւններ ունիմ, պէտք է նախ մարդ իր շրջապատին, ազգին, երկրին յարգը գիտնայ, որպէսզի նաեւ աշխարհը կարենայ արժեւորել: Իսկ գործերուս մէջ գոյներու ներկայութիւնը կը ցոլացնէ յոյսը, առանց որուն կարելի չէ շարունակել կեանքը»:
Ժան Փոլ Կիրակոսեան որդին է Լիբանանահայ անուանի գեղանկարիչ Փոլ Կիրակոսեանին։ Ան ըսած է որ ինք, քոյրն ու եղբայրները արդէն արուեստի աշխարհին մէջ գործող վեցերորդ սերունդն են, ինչ որ բնականաբար միջավայրն ու պայմանները կը ստեղծէ արուեստին մէջ խորանալու: Սակայն հակառակ այս իրականութեան, Ժան Փոլ Կիրակոսեան կը հաստատէ, որ թէեւ ինք փորձած է արուեստագէտ չըլլալ, բայց անկարելի եղած է, որովհետեւ արուեստի ծիները ընտանեկան ծառին հետ հասած էին նաեւ իրեն: Իր հօր կողմէ իրեն փոխանցուած պատգամին ակնարկելով` Ժան Փոլ Կիրակոսեան ըսաւ, որ հայրը ոչ մէկ ատեն միջամուխ եղած է իր ընելիքներուն ու ծրագիրներուն, միայն ըսած է. «Ան, որ տաղանդ ունի եւ չի գծեր, տաղանդը չի յայտնաբերեր, Աստուծոյ մօտ մեղանչած կ՛ըլլայ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.