2011-05-21 11:58:53

Ի յիշատակ Պոնտոսի Յոյներու Ցեղասպանութեան՝ Հայաստանի Յունական Համայնքը
Ծիծեռնակաբերդ Բարձրացաւ


Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ոեկոչման օրը՝ Մայիս 19ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Երեւանի սակաւաթիւ յունական համայնքը՝ երթ կազմակերպեց դէպի Ծիծեռնակաբերդ, յարգելով այսպէս յոյն-պոնտոսցի զոհերու յիշատակը։ Տեղւոյն վրայ դափնեպսակներ զետեղուեցան եւ հոգեհանգիստի արարողութիւն կատարուեցաւ։

Երեւանէն, ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ էր յոյն դեսպան Իոանիս Քորինթիոս, որ ուղերձ մը կարդաց Յունաստանի կառավարութեան կողմէ։ Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի յունական համայնքի ղեկավար Արկադի Խիտարովի կողմէ, որ դիտել տուաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ աշխարհի մէջ դեռ նոր սկսաւ բացայայտուիլ Թուրքիոյ այն յանցագործութեան մասին, Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման մասին հարցը կը շարունակէ թափ առնել, յատկապէս ԱՄՆ-ի եւ Աւստրալիոյ մօտ, ուր մեծաթիւ յունական համայնքներ գոյութիւն ունին։








All the contents on this site are copyrighted ©.