2011-05-21 11:57:59

''Դաստիարակել Նոր Սերունդը Արդարութեան Եւ Խաղաղութեան Ի Խնդիր'' Այս Է Նիւթը Խաղաղութեան Համաշխարհային 45-րդ Օրուան։


Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը 2012-ի խաղաղութեան համաշխարտհային 45-րդ օրուան համար ընտրած է ''Դաստիարակել նոր սերունդը արդարութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր '' նիւթը, հաղորդած է Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը։
''Սրբազան Քահանայապետին ընտրած նիւթը՝ ՜՜ մտիկ ընել եւ ընդառաջել նոր սերունդին հարցերուն՝՝ մեր օրերու կենսական ու հրատապ հարցերէն մէկն է։
Այս նիւթը հրաւէր մըն է, խթանելու երիտասարդները գործելու հասարակաց բարիքին համար եւ հաստատելու աւելի արդար ու խաղաղարար ընկերային կարգ մը, ուր անհատի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, լիովին եւ անկաշկանդօրէն պէտք է արտայայտուին ու գործադրուին՝՝։
Գործել եղբայրսիրութեան քաղաքակրթութեան կերտումին - Սրբազան Քահանայապետը ընտրելով վերոյիշեալ նիւթը, քաղաքական պատասխանատուներէն կը խնդրէ որ այնպէս մըն ընեն որ հաստատութիւնները եւ օրէնքները համապատասխանեն նոր սերունդի պահանջներուն եւ ակնկալութիւններուն, որպէսզի անոնք եւս իրենց կարգին կարենան սատարել եղբայրսիրութեան քաղաքակրթութեան իրականացումին, համապատասխանելու՝ ամէն անհատի հիմնական պահանջներուն` ինչպէս ճշմարտութիւնը, ազատութիւնը, բնապահպանութիւնն ու կրօնական ազատութիւնը։
Նշենք որ 1968էն սկսեալ կաթողիկէ եկեղեցին, ամէն տարի՝ խաղաղութեան համաշխարհային օրը կը տօնախմբէ, տարւոյն առաջին օրը՝ մէկ Յունուարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.