2011-05-21 11:58:22

Բորդուկալցի Նոր Երանուհի Մը։ Մարիա Գիարա՝ Յիսուս Մանկան։


Այսօր Շաբաթ Լիզբոնի Ռեսթէլօ մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Աստուծոյ Աղախին Մայր Մարիա Գիարայի Երանացման արարողութիւնը,գլխաւորութեամբը Լիզբոնի Պատրիարք Կարտինալ Խոսէ Տա Գրուզ Բոլիկարբոյի եւ ներկայութեամբը Պենետիկտոս ԺԶ,Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյի, Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը։
Նոր Երանուհին կը ծնի Ամատօրէ 15 Յունիս 1843ին։ Որբանալով իր ծնողքէն կը հիւրընկալուի նախ Եղբայրօգնութեան ֆրանսացի Մայրապետներու տան մէջ,եւ ապայ ընտանիքի մը քով։ Իր հոգեւոր հօրմէն առաջնորդուելով մուտք կը գործէ Տիրամօր Անարատ Յղութեան Վեղարաւորներու ֆրանչիսկեան աշխարհականներու Երրորդ Կարգը։ Յետագային Բորդուկալի մէջ կրօնական կարգերու ջնջումի շրջանին (1833/1834) կը փոխադրուի Գալէ(ֆրանսա) եւ հոն է որ կը կատարէ իր կրօնաւորական ուխտերը 1871ին։ Բորդուկալ վերադարձին իր հոգեւոր հօրը, Հայր Պէիրաօ-ի հետ միասին կը հիմնէ Ի սէր Աստուծոյ Աղքատներու Հիւանդապահ Մայրապետներու Միաբանութիւնը, որ այսօր կը կոչուի Անարատ Յղութեան ֆրանչիսկեան Հիւանդապաուհիները ,միաբանութիւնը որ Սուրբ Աթոռը վաւերացուց 27 մարտ 1876-ին։ Մայր Մարիա Գիարա իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ամոքելու եւ մեղմացնելու աղքատներու ու կարիքաւորներու տառապանքները, բանալով հիւրատուներ,մանկապարտէզներ,հիւանդանոցներ եւ սեղանատուներ չքաւորներու համար։ Ընդառաջելով իրեն եղած կոչերուն իր միաբանակից քոյրերը ղրկած է Անկոլա(1883)Հնդկաստան(1886)Կըվինէա Պիսսաու եւ Գաբօ Վէրտէ (1893)։ Մայր Գիարա հիմնած է աւելի քան 140 հաստատութիւններ,ընդունելով իր Միաբանութեան մէջ աւելի քան հազար կրօնաւորուիհներ։ Կը վախճանի Սրբութեան համբաւաով Լիզբոն՝1 Դեկտեմբեր 1899-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.