2011-05-20 12:25:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կ՝այցելէ Հռոմի Աւագ Տիրամօր Անուան Պազիլիքան։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, ընդառաջելով Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոյի հրաւէրին, յառաջիկայ 26 մայիսին Հռոմի Santa Maria Maggiore Պազիլիքայի մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Վարադարանի աղօթքը, մասնակցութեամբ՝ իտալացի եպիսկոպոսներուն որոնք կը մասնակցին Տարեկան Ընդհանուր Ժողովին։ Իտալացի եպիսկոպոսները այս աղօթքի արարողութեամբ կ՛ուզեն հաստատել իրենց ունեցած յատուկ կապը Իտալիոյ հետ, նորոգելով երկրին նուիրումը Աստուածամօր՝ Իտալիոյ միութեան 150 տարեդարձին առթիւ, որ այս տարի յիշատակուեցաւ Իտալիոյ մէջ։
Նշենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երրորդ անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Հռոմի Աւագ Տիրամօր տաճարը։
7 մայիս 2005-ին՝ Հռոմի թեմի Ս. Յովհաննէս Լատերանեան տաճարի այցելութենէն անմիջապէս ետք, Սրբազան Քահանայապետը պահ մը այցելեց Հռոմի Աւագ Տիրամօր տաճարը, իր յարգանքը մատուցանելու ''Հռոմի ժողովուրդին փրկութիւնը'' կոչուած Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ։ Այդ առթիւ Նորին Սրբութիւնը Ս. Կոյս Մարիամէն խնդրեց որ դէպի նաւահանգիստ առաջնորդէ Եկեղեցւոյ նաւը, վտանգներէն զերծ պահելով եւ օգնէ զայն իր անփորձութեան մէջ ։
երկրորդ այցելութիւնը 3 մայիս 2008ին էր, մարեմեան ամսոյն, Նորին Սրբութիւնը Ս. վարդարանը աղօթեց եւ հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան, քրիստոնեաներու միութեան, ու աշխարհի մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան համար։ Եւ , յառաջիկայ 26 մայիսին կատարելիք այցը կը հանդիսանայ երրորդը։
Աւագ Տիրամօր տաճարը Santa Maria Maggiore-էն, կը բարձրանայ Էսքուիլինօ կոչուած բլուրին գագաթը, եւ Հռոմի աւագ չորս տաճարներու մէկն է։ Միակ տաճարն է որ պահած է հին քրիստոնէական կառոյցները։
Ըստ աւանդութեան Ս. Կոյս Մարիամը Լիբերիոս Քահանայապետէն, (352-366) երազին մէջ կը խնդրէ եկեղեցի մը կառուցանել իրեն ի պատիւ։ Շինարարութեան վայրը հրաշքով մը ցոյց տրուած էր 5 օգոստոս 358 թուականին` երբ ամառուայ տաքուն, առաւօտուն, կը ձիւնէ՝ Էսքուիլինօ բլուրին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.