2011-05-20 12:27:29

Եւրոպայի Բողոքական Եկեղեցիներու Դիրքը Քաղցրամահի Նկատմամբ։


Եւրոպայի բողոքական եկեղեցիներու հաղորդութիւնը, որուն մաս կը կազէ 30 երկիրներու 105 եկեղեցիներ, հակառակ է ''քաղցրամահի եւ անձնասպանութեան օգնութեան'' աստուածաբանական ու բարոյական արդարացումին։
Անոնք հրապարակած են 100 էջնոց վաւերաթուղթ մը ''ժամանակ կայ կեանքի եւ ժամանակ կայ մահուան'' վերտառութեամբ, որով կը խթանէ եկեղեցիները, խորապէս մտածելու այս նիւթին շուրջ։
Այս ուսումնասիրութիւնը առաջին վաւերաթուղթն է, պատրաստուած՝ Եւրոպայի բողոքական եկեղեցիներու հաղորդութենէն։ Ուսումնասիրութիւնը կը շօշափէ մահուան հիմնական հարցերը ընկերային, բժշկական ու իրաւական գետնի վրայ։ Իսկ աստուածաբանական ու բարոյական գետնի վրայ անիկա կը հարցադրէ մարդկային կեանքի նշանակութեան մասին եւ կ'արտայայտուի ի նպաստ օրհասի՝ մարդկային իրաւունքի պաշտպանութեան։ Եկեղեցիներու հիմնական ներգործութիւնն է կեանքի պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ մեռնիլը արժանաւորութեան մէջ։
Նշենք թէ Եւրոպայի բողոքական եկեղեցիներու հաղորդութեան մաս կը կազեն 30 երկիրներու 105 եկեղեցիներ։ Անոր քարտուղարութիւնը կը գտնուի Վիեննա։








All the contents on this site are copyrighted ©.