2011-05-20 12:43:50

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Այցը Քուէյթ։


Քուէյթ կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս տեղացի լրագրողներուն տուաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ որուն ներկայ էին Քուէյթի բոլոր թերթերու եւ պատկերասփիւռի կայաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողները: Մէկուկէս ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վեհափառը պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Քուէյթ իր այցելութեան նպատակին ու ընդհանրապէս Քուէյթի հայութեան, Լիբանան – Քուէյթ յարաբերութեան, քրիստոնեայ – իսլամ երկխօսութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան, եւ մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստան – Ազրպէյճան յարաբերութեան, ու յատկապէս Ղարաբաղի, Լիբանանի հայութեան եւ ընդհանրապէս ներկայ աշխարհը յուզող տագնապներուն:
Վեհափառը մասնաւորաբար շեշտեց թէ՝
1. Քուէյթի մէջ հայ համայնքը լայն ազատութիւններ կը վայելէ, ունի իր եկեղեցին ու դպրոցը, լաւապէս կազմակերպած է իր համայնքային կեանքը, եւ ասոր համար երախտագիտութիւն յայտնեց Քուէյթի իշխանութեան եւ ժողովուրդին: Վեհափառը յիշեց նաեւ որ Քուէյթը միշտ կը մնայ բարեկամ Լիբանանին, մաղթելով որ ան շարունակէ իր տնտեսական օժանդակութիւնը Լիբանանին, նշեց նաեւ որ Լիբանանի հայ համայնքը երկրին եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկն է, եւ իր պարտաւորութիւնները լիովին կը կատարէ Լիբանանին նկատմամբ:
Ապա Արամ Ա խօսելով Ղարաբաղի մասին ըսաւ որ ՜՜ Հայերը չէ որ Ազրպէյճանի հողը գրաւած են, այլ` ճիշդ հակառակը: Ղարաբաղը մաս կը կազմէ Հայաստանին. պատմութեան ընթացքին, պայմաններու բերումով ան խորհրդային իշխանութեան կողմէ տրուեցաւ Ազրպէյճանին: Ղարաբաղի հողին վրայ ապրող հայ ժողովուրդը իրաւունքը ունի ինքնորոշման՝՝։ Գալով Հայոց Եղեռնի հարցին Վեհափառը ըսաւ որ՝ ՜՜Թուրքիան պարտաւոր է ընդունելու իր հայրերուն կողմէ պետական տարողութեամբ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութիւնը։
Հուսկ՝ Արամ Ա. խօսելով Քրիստոնեայ – իսլամ երկխօսութեան մասին ըսաւ որ անիկա ՜՜հրամայական է ներկայ աշխարհին մէջ, համաշխարհայնացած աշխարհը կը պարտադրէ կեանքի երկխօսութիւն բոլոր կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ: Միջին Արեւելքի մէջ դարեր շարունակ քրիստոնէութիւնն ու իսլամութիւնը միասին ապրած են հասարակաց արժէքները շեշտելով եւ իրենց տարբերութիւնները յարգելով: Հետեւաբար, պէտք է հեռու մնալ այնպիսի մօտեցումներէ, որոնք կրնան վնասել քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան: Կրօնը պէտք չէ՛ օգտագործուի ոչ կրօնական նպատակներով: Կրօնը սիրոյ, խաղաղութեան ու արդարութեան առաքեալը պէտք է մնայ միշտ:
Մամլոյ ասուլիսին առընթեր վեհափառը նաեւ առանձին հարցազրոյցներ ունեցաւ պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններուն հետ՝՝:








All the contents on this site are copyrighted ©.