2011-05-20 12:26:49

Առողջապահութեան Հովուութեան Խորհորդի Ժողովը Սիտայի Նիւթին Մասին։


Վատիկանի մէջ, 27 էն 28 մայիս, տեղի կ'ունենայ գիտաժողով մը ՜՜սիտա՝՝ անբուժելի հիւանդութեան մասին` ''նախազգուշութիւն ու հիւանդութեան դարմանում'' նիւթին մասին։
Ժողովին կը մասնակցին ՄԱԿի ՜՜սիտա՝՝ ծրագրի տնօրէնը, գերապայծառ Թոմմազի` ՄԱԿի մնայուն դէտը Ժընեւի գրասենեակի մօտ եւ գերապայծառ Լաֆիթ` քարտուղարը ընտանիքի ու առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդին։
Նշենք թէ Առողջապահութեան հովուութեան խորհորդը հիմնուեցաւ 11 փետրուար 1985ին երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ։ Անիկա պատասխանատուութիւնը ունի համակարգելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ առողջապահական բոլոր հաստատութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.