2011-05-19 12:54:12

Քիրքուքի Առաջնորդը Կը Դատապարտէ Գլխատումը՝ Քրիստոնեայ Երիտասարդի Մը Որպէս Փոխվրէժ Պեն Լատինի Սպաննութեան։


Իրաքի Քիրքուք թեմի առաջնորդը գերապայծառ Սաքօ խստիւ դատապարտած է գլխատումը 29 տարեկան քրիստոնեայ երիտասարդի մը, մոլեռանդ մահմետականներու կողմէ, երկուշաբթի 16 մայիսին, որպէս փոխվրէժ ամերկացիներու կողմէ Օսամա Պին Լատինի սպաննութեան ։
Երիտասարդ Աշուր Իսա՝ 13 մայիսին առեւանգուեցաւ եւ անոր ազատագրումին համար 100 հազար տոլար խնդրուեցաւ։ Գերապայծառ Սաքօ ըսաւ որ ոչ մէկ մարդկային էակ որ Աստուծոյ կը հաւատայ ու կը յարգէ կեանքը, կարող է նման ոճիր մը գործել։ Առաջնորդը իր ցաւակցութիւնն ու մտահոգութիւնը յայտնած է այդ երիտասարդի այրիին ու անոր զաւակներու ապագայով։








All the contents on this site are copyrighted ©.