2011-05-19 12:55:50

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեսն Մասնակցութիւնը Ե.Հ.Խ.-ի Խաղաղութեան Նուիրուած Միջազգային Համագումարին Ճամէյգայի Մէջ։


17-25 Մայիս 2011ին, Գինկսթընի մէջ (Ճամէյգա), տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կազմակերպած խաղաղութեան նուիրուած միջազգային համագումարը, որուն ներկայ պիտի գտնուին զանազան եկեղեցիներ ներկայացնող աւելի քան 1000 ժողովականներ:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սոյն համագումարին պիտի մասնակցի հնգանդամ պատուիրակութեամբ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու), Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան (Առաջնորդական Փոխանորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի), Բարշ. Մարք. Աւ. Սրկ. Շիրին (Ֆրէզնօ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմ), Օրդ. Ժանէթ Նազարեան (Ֆիլատելֆիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ) եւ Տիկ. Աստղիկ Գանտահարեան (Լիբանան, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւն):








All the contents on this site are copyrighted ©.