2011-05-19 12:57:01

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Տեսակցութիւնը Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Երզի Պուզեքի Հետ:


Այս տեսակցութեան առթիւ Հայաստանի Նախագահը ըսաւ որ ՝՝Հայաստանի յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ վերջին տարիներուն կը զարգանան եւ համագործակցութեան մարզերը կը ներառեն ոչ միայն արտաքին քաղաքականութիւնը կամ առեւտրական- տնտեսական յարաբերութիւնները, այլ նաեւ Հայաստանի ներքին բարեփոխումները, որոնք ուղղուած են մարդոց բարեկեցութեան ապահովման՝՝:
Ս. Սարգսեան վստահեցուց, որ Հայաստան պատրաստ է եւրոպական փորձի հիման վրայ եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ շարունակելու բարեփոխումներու ուղին:
Իսկ Պուզեք յայտնեց որ ՝՝ Եւրոպայի մէջ կը հաւատան Հայաստանի բարեփոխումներու յաջողութեան, որ լաւ օրինակ կրնայ դառնալ այդ ճամբան ընտրած այլ երկիրներու համար՝՝ :








All the contents on this site are copyrighted ©.