Յառաջիկայ 24 մայիսին, Վատիկանի մէջ ներկայացումը պիտի կատարուի ''Ընտանիք, աշխատանք
եւ տօն'' վաւերաթուղթին, որ կը ներփակէ նախապատրաստական կրօնուսումի բնագիրները ի պատրաստութիւն
ընտանիքի համաշխարհային 7-րդ հանդիպումին, նախատեսուած՝ Իտալիոյ Միլանօ թեմին մէջ 2012
-ի՝ 30 մայիսէն մինչեւ 3 յունիս։ Վաւերաթութին ներկայացումը կը կատարեն կարտինալ Անթոնելլի`
նախագահը ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին, կարտինալ Թեթթամանցին` առաջնորդը Միլանօ
թեմին եւ անոր օգնականը գերապայծառ Բրաբիլլան։