2011-05-18 13:14:10

Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Յայտարարութիւնները


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 21 մայիսի ժամը 13.56-ին Էնտիավուր Շադդըլի վերջին ճամբորդութեան առթիւ՝ արբանեակի միջոցաւ պիտի կապուի Անջրպետային Կայանի հետ։Կայանի 12 աստղանաւորդներու շարքին կան նաեւ երկու իտալացիներ Գնդապետ Ռոպերդ Վիթթորի որ իր հետ կը տանի Սրբազան պապին նուիրած Արծաթեայ մետալը եւ ճարտարագէտ Բաուլօ Նէսբոլին։

Ապա խօսելով Սրբազան Քահանայապետի ամառնային արձակուրդներու մասին Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը յայտարարած է թէ Նորին Սրբութիւնը այս տարուայ ամառնային շրջանը ամբողջութեամբ պիտի անցնէ Գասթէլ Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառանոցը ուր պիտի փոխադրուի յուլիս ամսուայ սկիզբը։ Յուլիս ամսուայ ընթացքին տեղի պիտի չունենան չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները, ըսած է ան։









All the contents on this site are copyrighted ©.