2011-05-18 12:15:44

Պէյրութի' Հայ Կաթողիկէ Դպրոցներու Մանկապարտէզի Ուսուցիչներու Սեմինար։


Մայիս 14 էն 15 , Լիբանանի Հայ կաթողիկէ չորս վարժարաններու մանկապարտէզի 25 ուսուցչուհիներ մասնակցեցան մանկապարտէզի մէջ հայերէնի դասաւանդման մեթոտի իւրացման եւ մանկավարժական կազմաւորումի սեմինարի մը, ղեկավարութեամբ ` Խ. Աբովեանի անուան Երեւանի մանկավարժական պետական համալսարանի դասախօս Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանի:
Սեմինարը կազմակերպած էր Սուրբ Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը` գործակցութեամբ Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս, Սրբոց Հռիփսիմեանց, Գէորգ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն: Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի հիւրընկալութեամբ` Ս. Խաչ եկեղեցւոյ “Պետողլեան” սրահին մէջ կայացած սեմինարի առաջին օրը, փրոֆ. Կիւլամիրեան մանկապարտէզի հայերէնի ուսուցիչներուն հետ աշխատեցաւ հայերէնի գրաճանաչութեան գործընթացի կազմակերպման մեթոտաբանութեան վրայ: Այս առթիւ սեմինարին ներկայ ուսուցչուհիները` ներկայացուցին նախապէս պատրաստած իրենց նիւթերը` համապատասխան դասարաններու մէջ լեզուի ուսուցման վերաբերեալ:
Սեմինարի երկրորդ օրը, փրոֆ. Կիւլամիրեան աշխատանքը կազմակերպեց հիմնական երկու նիւթերու առանցքին շուրջ. առաջին` մանկապարտէզի տարիքի մանուկներուն պահանջմունքները եւ զանոնք նկատի առնելու կարեւորութիւնը` կրթադաստիարակչական գործընթացին մէջ, երկրորդ` մարդու խառնուածքի դրսեւորումները մանկապարտէզի տարիքի մանուկներուն քով եւ զանոնք նկատի առնելու կարեւորութիւնը` ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններուն մէջ: Նշենք որ փրոֆ. Կիւլամիրեան սեմինարի նախորդող օրերուն` Մայիսի 3-էն 13 այս ծրագրին մասնակից չորս դպրոցներու մանկապարտէզներուն մէջ կատարեց դասալսումներ, առանձին հանդիպումներ ունեցաւ դպրոցներու տնօրէններուն եւ մանկապարտէզի պատասխանատուներուն հետ, ապա` ուսուցչուհիներուն հետ ունեցաւ դասալսումներէն բխած նախնական գնահատականներու վերաբերեալ աշխատանքային նիստեր` դպրոցական օրուան աւարտին: Մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակը կը շարունակուի: Դասալսումներու հանգրուանին աւարտին` յառաջիկայ շաբաթավերջին` 21-22 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ նախակրթարանի տարրական դասարաններուն մէջ հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ ընդհանուր մանկավարժական կազմաւորումի վերաբերեալ սեմինար մը, մինչ այդ` նաեւ դասախօսութիւններ` ծնողներու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.