2011-05-18 13:14:47

Նափոլի Թեմի Առաջնորդը Կը Խստացնէ Իր Կեցուածքը Մաֆիայի Մարդոց Դէմ։


Կարտինալ Սեբէ՝ առաջնորդը Նափոլի թեմին, իր դիրքը խստացուցած է մաֆիայի անդամներու դէմ արգիլելով քրիստոնէական թաղում կատարել անոնց։ Նախապէս ան արգիլած է մաֆիայի անդամներուն որ կնքահայր կամ կնքամայր ըլլան կնքուող երախաներուն , եւ ոչ իսկ ս. պսակին ընթացքին վկայ ըլլայ ։ Իր քահանաներուն ուղղած նամակով Կարտինալ Սեբէ կը գրէ թէ մաֆիայի մարդիկը պէտք է գիտնան որ իրենց մահէն ետք, չեն կրնանր եկեղեցի մտնել, այլ՝ ուղղակի գերեզմանատուն երթալ։ Տեղական մամուլը ողջունած է կարտինալին այս կեցուածքը գնահատելով որէ իր այս որոշումով ան կարենայ ցնցել քրէական կազմակերպութեան անդամները, որոնք իրենց շրջանակէն ներս նկատուած են որպէս ''բարի քրիստոնեաներ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.