2011-05-18 12:33:51

Ըստ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ՝՝Հայաստան Երբէք Չէ Քաղաքականացուցած Գաղթականներու Հարցը՝՝։


Ընդունելով ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Անթոնիօ Կութերեսը` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ նշեց, որ Հայաստան գաղթականները ընդունելու առաջին օրերէն որդեգրած է հասարակութեան մէջ անոնց համարկման քաղաքականութիւնը եւ երբեք չէ քաղաքականացուցած գաղթականներուն հարցը:
Նախագահ Սարգսեան բարձր  գնահատած է ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին եւ անձամբ գերագոյն յանձնակատարին դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ գաղթականներու խնդիրներուն լուծման հարցին մէջ: Ան շնորհակալութիւն  յայտնեց մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ իրականացուած ծրագիրներուն օժանդակութեան համար:
Ըստ նախագահին, դեկտեմբեր 2011-ին Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք նախարարական հանդիպման ծիրին մէջ Հայաստան կրկին պիտի հաստատէ իր յանձնառութիւնները` ուղղուած գաղթականներու առաւել խոցելի խումբերու կարիքներուն ու այս մարզին վերաբերեալ օրէնսդրական դաշտին կատարելագործման: Նախագահը Ժընեւի հանդիպման ընթացքին Հայաստանի մասնակցութիւնը կարեւոր նկատեց նաեւ հանդիպման ծիրին մէջ Ազգերու լիկայի գաղթականներու հարցերով առաջին յանձնակատար, մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին կազմակերպումով:
Անթոնիօ Կութերես գոհունակութեամբ  խօսեցաւ Հայաստանի մէջ գաղթականներու քաղաքացիութեան շնորհման, հասարակութեան մէջ համարկման, անոնց իրաւունքներու ապահովման ուղղութեամբ մինչեւ այսօր իրականացուած աշխատանքներուն առնչութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.