Երգի «Էուրովիզիոն »ի մրցանքին արձանագրուած յաղթանակէն ետք միջազգային մամուլը Ազրպէյճանին
կ՛ակնարկէ որպէս մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան տեսանկիւնէն վատ համբաւ ունեցող
երկիր: Ըստ ազրպէյճանական «Ազատլըք» օրաթերթին, իրենց հրապարակումներուն ընթացքին
այդ նիւթին անդրադարձած են գերմանական «Տեր Շփիկըլ» եւ ֆրանսական ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: «Տեր
Շփիկըլ-պարբերաթերթը » կը գրէ, որ «Ազրպէյճան կը յիշեցնէ միջնադարեան Եւրոպան, ուր կ՛ոտնահարուէին
մարդկային իրաւունքները, փտածութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է, իսկ երկիրը կը կառավարուի
բռնատիրական կանոններով»: