2011-05-18 13:13:07

Աղօթք Չինաստանի Դիտաւորութեան Համար


Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, Չինաստանի եկեղեցւոյ համար, նշելով որ 24 մայիսին՝ Քրիստոնէից Օգնական Տիրամօր յիշատակի օրն է , որ մեծ պաշտամունքի առարկայ է Շանկհայի՝ Շէշանի սրբավայրին մէջ։
Համայն եկեղեցին -ըսաւ նորին սրբութիւնը - կը միանայ Չինաստանի եկեղեցւոյ։ Այնտեղ ինչպէս այլուր Քրիստոս կ՛ապրի իր չարչարանքը։ Մինչ Քրիստոսը ընդունողներու թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ, ուրիշներ կը շարունակեն զինք մերժել ու ենթարկել չարչարանքի ու հալածանքի։
Կը հրաւիրեմ Չինաստանի Կաթողիկէները որ շարունակեն աղօթել Տիրամօր եւ միեւնոյն ժամանակ կը հրաւիրեմ աշխարհի կաթողիկէները աղօթելու Չինաստանի եկեղեցւոյ համար որոնք կարիքն ունին մեր աղօթքներուն եւ որոնց համար մենք պարտաւոր ենք աղօթել։ Գիտակից ենք - աւելցուց նորին սրբութիւնը - թէ մեր եղբայրակից եպիսկոպոսներու մէջ կան տառապողներ որոնք ճնշումի տակ են իրենց առաքելութիւը յառաջ տանելու գործընթացքին մէջ։ Մեր մօտիկութիւնը կը յայտնենք իրենց ու բոլոր այն քահանաներուն որոնք չունին ազատութիւնը դաւանելու իրենց ազատ հաւատքը, ։ Մեր աղօթքով պիտի կարենանք օգնել որպէսզի ամրապնդուած ու կառչած մնան իրենց հաւատքին։ Աղօթքը կարող է տալու մեզի ոյժը որպէսզի աւետարանենք ու արիութեամբ վկայենք Խաչեալ Յիսուս Քրիստոսը որ Յարութիւն առաւ եւ յաղթեց մահուան ու մեղքին։
Ձեզի հետ միասին կը խնդրեմ Մարիամ Աստուածածինէն որ բարեխօսէ Չինաստանի եկեղեցւոյ առաքեալներուն համար, ու լուսաւորէ անոնք որ տարակոյսի մէջ են, կորսուածները վերակոչէ, վշտահարները սփոփէ եւ ամրացնէ տկարները։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց իր աղօթքը ըսելով. ՜՜Սուրբ Աստուածածին, Քրիստոնէից Օգնական` Շէհանի Տիրամայր, Աղօթեայ Վասն մեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.